Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Քաղուած կամ չքաղուած դասեր. yerakouyn.com

Օգոստոս 31,2016 13:16

«Այս օրերուն բոլորին աչքերը գամուած են իրենց հեռատեսիլի պաստառներուն վրայ՝ հետեւելու համար Ողիմպիական խաղերուն։ Հպարտ ենք մեր մարզիկներով, հպարտ ենք մեր մետալներով, հպարտ ենք մեր յաջողութիւններով։ Յարակարծաբար, կը մոռնանք, որ աւելի հեռուն երթալու համար՝ առաջի՛ն քայլը ճիշդ պէտք է առնել՝ ունենալ կեանքի ամուր խարիսխ մը. առողջարար սննդառութիւն մը, հարազատներու նեցուկը, նպատակայարմար գործիքները՝ մարզուելու համար»։

Կարծեցիք որ հա՞յ մըն է այս տողերը գրողը, հայաստանցի՞ մը… Չեմ զարմանար։ Բայց կը սխալիք։ Վերեւի պարբերութեան մէջ «բոլորին աչքերը» բառակապակցութեան տեղ գրուած է «քեպեքցիներու եւ գանատացիներու բոլոր աչքերը»։ Այդպէս կը սկսի Sylvie Rochette-ի այն յօդուածը որ լոյս տեսաւ Le Devoir օրաթերթի 19 Օգոստոսի թիւին մէջ, «Apres les Olympiques, la rentree» )«Ողիմպիականներէն ետք՝ վերամուտը…»( խորագրուած։ Յօդուածագիրը մտահոգ է, որ երկիրը բաւարար ուշադրութիւն դարձուցած չունի իր նոր սերունդի դաստիարակութեան եւ առողջութեան, այդ պատճառաւ ալ չկրցաւ աւելի՛ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել։ Իրա՞ւ։ Բայց Գանատան այս խաղերուն խլեց 4 ոսկի, 3 արծաթ ու 15 անագապղինձ մետալներ, ինչ որ կրնայ շատ պատուաբեր նկատուիլ։ Սակայն փաստօրէն Ռոշեթ աւելի մե՛ծ ակնկալութիւններ ունէր եւ կը թուի թէ ունի տակաւին։

Ինչպէ՞ս կը բաղդատուի գանատացիներու նուաճումը հայերու ձեռքբերումին հետ։ Եթէ նկատի առնենք երկու երկիրներու միայն բնակչութեան թիւերը, այսինքն պաշտօնապէս յայտարարուած թիւերը՝ շուրջ 36,4 միլիոն գանատաբնակներ եւ 3,1 միլիոն հայաստանաբնակներ, ապա Հայաստանի մէկ ոսկի մետալին դիմաց Գանատան ձեռք ձգած պիտի ըլլար գրեթէ 12 մետալ, ընդհանուր 4 )1 ոսկի եւ 3 արծաթ( մետալին դիմաց՝ 22ի փոխարէն 48 մետալ…

Իրաւունք չունի՞ տիկին Ռոշէթ։ Բայց մենք իրե՛ն ձգենք Գանատայի ու Քեպեքի թերացումներով մտահոգուելու պարտականութիւնը ու դառնանք նայինք՝ մե՛ր պարտէզը ինչպէս կրնանք աւելի լաւ ծաղկեցնել։

Անկասկած, որ մենք ալ «հպարտ ենք մեր մարզիկներով, հպարտ ենք մեր մետալներով, հպարտ ենք մեր յաջողութիւններով»։ Այդ հպարտութիւնը ա՛լ աւելի պիտի բարձրանայ, եթէ երկու ուրիշ բաղդատութիւններ ալ ընենք։ Փաստօրէն, «Ռիօ 2016» Ողիմպիականներու յաղթական երկիրը ԱՄՆն է՝ իր արժանացած մետալներու թիւով՝ 46 ոսկի, 37 արծաթ, 38 անագապղինձ, ընդհանուր՝ 121։ Իսկ ի՞նչ բնակչութեան աւազանի մը մէջ։ 2014ի տուեալներով՝ գրեթէ 319 միլիոն։ Այսինքն՝ Հայաստանի 100 անգամը։ Ուրեմն, համեմատաբար, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պէտք է ձեռք ձգած ըլլար 100 ոսկի եւ ընդհանուրը 400 մետալ. անշուշտ բոլոր այլ պայմանները անտեսելով )սնունդ, բժշկական խնամք, մարզուելու յարմարութիւններ եւ այլն(։ Կը նշանակէ՞ ասիկա, որ Հայաստանը 4 անգամ աւելի լաւ արդիւնք ձեռք ձգեց քան աշխարհի հզօրագոյն երկիրը…

Միւս բաղդատութիւնը մասնակցող մարզիկներու թիւին կը վերաբերի։ Հայաստանը ունէր 33 մարզիկ )թէեւ կ՛երեւի մէկ մարզիկ չկարողացաւ մասնակցիլ(։ Յիշեցնենք, որ Ողիմպիականներու մասնակցելու իրաւունք ունենալը ինքնին յաղթանակ մըն է, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարզիկ նախապէս այլ մրցոյթներու պէտք է ախոյեան դարձած ըլլայ, որ այդ իրաւունքը շնորհուի իրեն Ողիմպիական խաղերու կազմակերպիչ միջազգային մարմինին կողմէ։ Միշտ բնակչութեան թիւերու բաղդատութեամբ, ԱՄՆն ալ ունենալու էր 3300 մարզիկ։ Բայց ի՞նչ էր իրապէս մասնակցողներու թիւը՝ 555 միայն… այսինքն համեմատաբար շուրջ 6 անգամ նուազ քան Հայաստանի մարզիկները…

Այս բաղդատութիւնները կարելի է շարունակել տարբեր ձեւերով, տարբեր երկիրներու արդիւնքներն ու մարզիկներու թիւերը բաղդատելով, նոյնիսկ նկատի առնելով մետալներու կամ մարզիկներու իսկ մասնակցութեան բացակայութիւնը 2016ի Ողիմպիականներուն՝ երկիրներու կողմէ, որոնք մեզմէ շատ աւելի բազմամարդ են, մեզմէ շատ աւելի երկար ժամանակ արդէն իսկ անկախ երկիրներ են, կամ մեզմէ շատ աւելի յառաջացած կը նկատուին։ Եթէ հայկական եռագոյնը չորս անգամ բարձրացաւ Ողիմպիական կայմին վրայ, ու «Մեր հայրենիք»ը 4 անգամ հնչեց ոչ միայն Քորքովատօ լեռան կատարին թեւաբաց Փրկիչ Յիսուսի բարձրադիր արձանին հայեացքին առջեւ, այլեւ խաղերուն հետեւող միլիոնաւոր, թերեւս երկիլիոնաւոր պաստառներու վրայ, ուրիշ երկիրներու դրօշակները բնա՛ւ չբարձրացան, ուրիշ երկիրներու օրհներգները բնա՛ւ չլսուեցան։

Հպարտանալու այլ պատճառներ ալ ունեցանք։

Հայ մարզիկներու համեստ ու ազնուական կեցուածքները յաղթանակի պահուն իսկ, անոնց գիտակցութիւնը, որ իրենք ոչ միայն պարզապէս մարզիկ են, այլ Հայ Դատի զինուորեալներ )Արցախի նահատակ ազատամարտիկի նկարը իրենց կուրծքին(, այլ երկիրներու քաղաքացի հայ մարզիկներու մասնակցութիւնը եւ յաղթանակները այդ երկիրներու կողմէ, կամ նոյնիսկ Հայաստանի՛ կողմէ, օտար խումբերու մարզիչներուն մէջ եւս հայերու ներկայութիւնը, ուրեմն նաեւ նպաստը անոնց յաղթանակներուն եւ այլն։

Այս բոլորը՝ Ողիմպիականներու հետզհետէ խաթարման՝ իրենց առաքելութենէն շեղման, առեւտրականացման, խարդախութիւններու, յատկապէս խթանիչներու ապօրինի գործածութեան, իրաւարարներու կողմնակալութեան, նոյնիսկ ղեկավար տարրերու կաշառակերութեան ու ձերբակալման յաճախ յուսահատեցուցիչ երեւոյթներուն դէմ-յանդիման։

Նպատակս սակայն մեր հպարտութիւնը սնապարծութեան վերածել չէ։

Պահենք մեր իրաւացի ու արդար հպարտութիւնը, բայց ինչպէս ըսի՝ մտածենք աւելի՛ն իրականացնելու մասին։ Շարունակութիւնը՝ շաբաթէ մը։

 

Վրէժ-Արմէն

 Նյութի մանրամասները կարդացեք yerakouyn.comի  կայքում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2016
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031