Սեբաստիայի հայկական եկեղեցին ոչնչացման եզրին է: Այս մասին գրած է Պոլսահայ համայնքի թերթերէն «Հայթերթ»-ը:
Ներկայ Թուրքիոյ Սվազի շրջանին մէջ (պատմական Սեբաստիա) «Նուրի Տէմիրտաղ» օդակայանի ճանապարհին գտնուող հայկական հին եկեղեցին մատնուած է անուշադրութեան եւ ամէն անցնող տարուան հետ ա՛լ աւելի կ՝աւերուի:
Համայնքը քանի մը անգամ ահազանգած է, որ եկեղեցին ունի նորոգման կարիք, այլապէս կ’ոչնչանայ:
Նահանգապետարանը նախաձեռնած է քանի մը ծրագիրներ, որոնց իբրեւ արդիւնք աւելի շատ զբօսաշրջիկներ այցելած են եկեղեցի, սակայն եկեղեցւոյ նորոգման հարցով որեւէ գործնական քայլ չէ առնուած:
Ամէն տարի, Սուրբ Մարիամ Աստուածածնայ տօնին, այստեղ կը հաւաքուին Թուրքիոյ ամենատարբեր շրջաններու մէջ բնակող սեբաստացի հայերու թոռները:
Եկեղեցւոյ հայկական անուանումը չէ պահպանուած, սակայն յայտնի է, որ անիկա կառուցուած է 11-13 դարերուն: