Դպրոցական կեանքը արդէն իսկ մտած է իր բնական հունին մէջ: Բացման հանդէսները աւարտած են, կրթական նոր տարեշրջանի ծրագիրները թափով յառաջ կը տարուին: Այս ոլորտը դանդաղում չի հանդուրժեր: Ժամանակը հաշուըւած է, եւ միայն նպատակասլաց աշխատանքը կրնայ ապահովել այն արդիւնքները, որոնք ցանկալի են թէ՛ ծնողներուն, թէ՛ դպրոցի պատասխանատուներուն համար:
Հայկական դպրոցներու պարագային, կրթական առօրեան քիչ թէ շատ համայնքին կողմէ վերահսկելի է, պատկան մարմիններ կրնան հետեւիլ ու ըստ կարիքի՝ իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերել տնօրէնութեանց, դիմագրաւելու համար նախատեսուած ու չնախատեսուած դժուարութիւնները:
Հանրային վարժարաններու պարագային նոյն շռայլքը չունինք, եւ մեզ կը շարունակէ տագնապեցնել այն փաստը, որ տասնեակ հազարաւոր հայ պատանիներ ու երիտասարդներ իրենց ազգային պատկանելութեան գիտակցութիւնը ամրապնդելու ուղղութեամբ, մեզմէ, լաւագոյն պարագային, նուազագո՛յն աջակցութիւն կը ստանան: Այդ նուազագոյնն ալ՝ մեր համայնքային կեանքին հետ անոնց պատահական շփումէն կրնայ գալ, եթէ օրինակ, անոնք մաս կազմեն միութեան մը, յաճախեն եկեղեցի, կամ մասնակցին ձեռնարկներու կամ հաւաքոյթներու:
Մենք մեր սովորական գործելակերպը շարունակելով, այսինքն՝ մեր կրաւորականութիւնը պահպանելով, կը կորսնցնենք ոսկիէ առիթը դպրոցական տարիքի մեր երեխաներուն ազգային հպարտութիւն ու քաղաքացիական պատասխանատուութիւն ներարկելու: Ի վերջոյ, մեր երեխաները տեսան, վկայեցին ու շատ շատերը մասնակից եղան Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի հսկայածաւալ ցոյցին, որ առանձինն սերունդի մը կերտման հզօր ազդակ կրնայ հանդիսանալ:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»-ի կայքում