Ամրան ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը շաբաթական դրութեամբ կ՛ունենայ հանդիպումներ, որոնց ընթացքին քննարկումներ կը կատարէ եկեղեցական, ինչպէս նաեւ հայրենիքն ու սփիւռքը յուզող զանազան նիւթերու շուրջ:
Սոյն հանդիպումներուն կը նախագահէ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը: Իւրաքանչիւր հանդիպման ընթացքին, վեհափառ հայրապետին թելադրութեամբ միաբան հայրեր մէկ կամ երկու նիւթի շուրջ զեկուցումներ կը պատրաստեն: Տրուած զեկուցումները առիթ կը հանդիսանան, որ միաբաններ աւելի խոր քննարկումներ կատարեն ներկայացուած նիւթերուն շուրջ: Ապա, վեհափառ հայրապետը իր տեսակէտները կը յայտնէ, ուղղութիւններ կու տայ եւ անհրաժեշտ թելադրութիւնները կը կատարէ:
Դաստիարակչական բնոյթ ունեցող այս հանդիպումները կը միտին լուսաբանել միաբան հայրերը եւ միասնական կեցուածք ճշդել հայ եկեղեցւոյ ու ազգին հետ առնչութիւն ունեցող տարբեր հարցերու շուրջ: