Սթամպուլի Պալըքլը գերեզմանատան մէջ Հայաստանէն տարուած խաչքար մը տեղադրուած է:
Ըստ պոլսահայ «Ակօս» թերթին` չափերով բաւական պատկառելի խաչքարին օծումը տեղի ունեցած է օրեր առաջ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի հոգեւորականներուն իրականացուցած ծիսակարգով: Արարողութիւնը գլխաւորած է պատրիարքի ընդհանուր փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշեանը:
Կը նշուի, որ խաչքարը պատրաստուած եւ Թուրքիա եւ տեղափոխուած Սթամպուլի Սամաթիա թաղամասի Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցւոյ կառավարման խորհուրդի անդամներ Արիս Տէմիրի եւ Սեւան Տուրմազի մեկենասութեամբ:
Խաչքարին մօտ՝ Սուրբ Յարութեան եւ Ծննդեան տօներուն յաջորդող օրերուն մեռելոցի ծիսակարգ պիտի կատարուի: