Վիճակս աննախանձելի է: Աջէն, ձախէն հարուածներ կը հասնին ինծի: Այո՛, թիրախը անձնապէս ես չեմ, բայց ի՛նչ տարբերութիւն… հազարաւորներու շարքին ես ալ կը կրեմ անոնց հետեւանքները:
Հազարաւոր սփիւռքահայ եղբայրներուս եւ քոյրերուս նման, կ՛ուզեմ ազգիս ու հայրենիքիս օգտակար ըլլալ: Լա՛ւ, Հայաստանի վիճակի բարելաւման ճանապարհներուն մասին ինձմէ խորհուրդ կամ կարծիք ուզող չկայ, նոյնիսկ ամէնէն մօտիկ ընկերներս ինծի կը հասկցնեն, թէ այնքան ատեն, որ հողի վրայ չեմ, պէտք չէ յաւակնոտ ըլլամ եւ «խելօք» առաջարկներ տալու փորձութեան ենթարկուիմ: Դժկամութեամբ, բայց եկէք ընդունինք այս կարգավիճակը, եւ բաւարարուինք մեզի վերապահուած դերով՝ Հայաստանին ու Արցախին նիւթական օգնութիւն տալով: Բայց այստեղ ալ կանաչ ճանապարհ չէ բացուած առջեւս: Համատարած կասկածները, անվստահութիւնը կը կրծեն հոգիս: Կը փորձեմ պայքարիլ նոյն այդ կասկածողներուն ու անվստահութիւն քարոզողներուն դէմ: Կ՛ուզեմ բան մը ընել, բան մը տալ: Սակայն, ամէն անգամ տարբեր տեղէ զգայացունց խայտառակութիւն մը դուրս կու գայ եւ աւելի՛ կը դժուարացնէ գործս:
Այս տուայտանքէն ազատագրուելու համար, հեղինակաւոր խօսք կը փնտռեմ, հեղինակութիւն ու վարկ վայելող կը փնտռեմ, որ ինծի ճամբայ ցոյց տայ, միտքս հանգստացնէ, յուզումներս վերացնէ եւ բարոյական ամրութեան խարիսխ դառնայ ինծի ու ինծի նման բազմաթիւներու: Հոգեւոր ու քաղաքական առաջնորդներու վարկաբեկումներուն անվերջ դրուագները կը խախտեն հաւատքս՝ բարոյալքումի սերմերը աճեցնելով հոգիիս մէջ:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Կարդացեք նաև
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»-ի կայքում