Երկուշաբթի առաւօտ խմբագրատուն մտաւ նկարիչ ընկերս՝ Ռազմիկ Սամուէլցը, եւ սովորութեան համաձայն ու բաւական ջղային խօսքերով՝ սիրտը պարպեց ինծի:
Ինչո՞ւ ժողովուրդին մօտ, առնուազն՝ իր շրջապատի մարդոց մէջ, ստեղծուած է այն տպաւորութիւնը, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Արցախի հարցին վերաբերեալ յստակ կեցուածք չի հրապարակեր:
Զարմանքով կը լսէի Ռազմիկը: Ախր ինչպէ՞ս: Կուսակցութեան ղեկավար գործիչները, մե՛նք, ինչպէս եւ մենք՝ այստե՛ղ, «Ասպարէզ»ի էջերէն ու խմբագիրի սիւնակներէն, միշտ յստակ ու մեկին յայտարարած ենք, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հող յանձնելու դէմ է: Դէմ է սկզբունքով, դէմ է գաղափարով, դէմ է հոգիով ու սրտով: Իր էութեան հետ հաշտ չի կրնար ըլլալ հայրենի հող յանձնելու գաղափարը:
Ուրեմն, ինչո՞ւ այս թիւր կարծիքը կը թեւածէ աշխարհի վրայ որեւէ վայրի մէջ, որեւէ շրջանակի մարդոց մօտ:
Երկու պատճառ կրնայ ըլլալ.
Առաջինը՝ մեր խօսքը չի հասնիր այդ շրջանակներուն. անոնք չեն կարդար, չեն տեսներ մեր յայտարարութիւնները եւ մեր գրութիւնները:
Երկրորդ՝ մեր վճռական յայտարարութիւններն իսկ կասկածով ընդունելու տրամադրութեամբ տոգորուած են այդ շրջանակները:
Առաջինի պարագային՝ մեր ընելիքը պարզ է. ընդարձակել մեր տեղեկատուական ցանցը, դաշտը, մեր խօսքի հասողութեան սահմանները:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում