«Գանձասար» . Շաբաթ 20 Օգոսոսի երեկոյեան Սուրիոյ սահմանամերձ թրքական Այնթէպ քաղաքին մէջ պայթիւն մը որոտաց: Պայթիւնը տեղի ունեցաւ հարսանիքի մը ընթացքին: Որոշ աղբիւրներու համաձայն, պայթիւնը իրականացած է ՏԱՀԵՇի մահապարտին կողմէ: Արձանագրուած են մեծաթիւ զոհեր և վիրաւորներ:
Այնթէպի նահանգապետարանի տուեալներուն համաձայն զոհերուն թիւը հասած է 50-ի: