Արթուր Ալեքսանեանը նուաճեց մեր սիրտը իր շահած ողիմպիական ոսկի մետալով, բայց աւելին՝ իր ցուցաբերած յարգալիր վերաբերմունքով մեր նահատակ հերոսներուն հանդէպ:
Արթուրը իր ոսկի մետալը ստանալու պահը մեզի համար առանձնապէս նշանաւորեց՝ նահատակ Ռոպեր Ապաճեանի նկարը կրող շապիկով ներկայանալուն փաստով: Յուզուեցանք ու գնահատեցինք: Այսպիսի երեւոյթներու՝ հայրենասիրութիւն խթանող հզօր ազդակներ ըլլալու իրողութիւնը կարելի չէ թերագնահատել:
Իմ յաղթանակը կը նուիրեմ սահմանը պաշտպանող բոլոր զինուորներուն ու պաշտպանութեան ընթացքին ինկած մեր բոլոր զոհերուն. յայտարարեց Արթուր: Նոր պատերազմէ դուրս եկած ժողովուրդի մը զաւակը, բնականաբար, պէտք է այդպէս ընէ՝ կը մտածենք: Բայց հաւատացէ՛ք, որ եթէ Արթուրը մեզ չյիշեցնէր մեր պարտքն ու պարտաւորութիւնը՝ մեր իրագործումներու, յաղթանակներու ու ձեռքբերումներու պահերուն հայրենիքի պաշտպաններուն հանդէպ, ապա մենք պիտի բաւարարուէինք ծափահարելով ախոյեանը, իբրեւ մեր հայրենիքին պատիւը բարձր պահող մարզիկ, իսկ հայրենիքին հանդէպ յաւելեալ յանձնառութեան, յաւելեալ պարտքի գիտակցումը կրնար կորսուիլ ընդհանուր խանդավառութեան մէջ:
Կարդացեք նաև
Շնորհակա՛լ ենք, Արթուր, քու հզօր բազուկով նուաճած ախոյեանութեան եւ հզօր սրտով մեզ փոխանցած պատգամին համար:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում