ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ տոքթ. Թորոս Ալճանի ստորագրութեամբ հաղորդագրութիւն մը կը տեղեկացնէ, թէ դպրեվանքի պատերուն վրայ անծանօթներ ցեղապաշտական եւ սպառնական բնոյթով նախադասութիւններ գրած են։ Յիշեալ հաղորդագրութիւնը Թուրքիոյ հանրապետութեան ուշադրութեան կը յանձնէ այս դժբախտ պատահարը։
Տոքթ. Ալճան կը հաղորդէ, թէ այս հարցով ներկայիս մօտէն կը հետաքրքրուին Պոլսոյ երեսփոխան Մարգար Եսայեանն ու Սկիւտարի ապահովութեան տնօրէն Կիւրհան Քայան։
«Այսպիսի արարքներ ու ասոնց նմանները բացայայտօրէն ատելութեան յանցագործութիւն են, բայց դժբախտաբար, փոքրամասնական համայնքները պարբերաբար ենթակայ կը դառնան նմանօրինակ յարձակումներու։ Այս օրերուն, երբ երկրի միութեան ու միասնութեան համար Թուրքիոյ բոլոր միաւորները ձեռք ձեռքի տուած են, կը յուսանք, որ այս գրգռութեան յանցագործները շուտով կը բռնուին ու դատարան կը յանձնուին։ Խստիւ կը պախարակենք այս յանցագործութեան հեղինակները», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Ըստ «Տեմոքրաթհապեր» կայքին՝ պատին վրայ գրուած է. «Ձեզի բերած ենք Քիւրշաթ թագաւորի ատելութիւնը» (Քիւրշաթ թուրք հերոսի մը անունն է): Աղբիւրը նկատել կու տայ, որ գրութեան հեղինակները կը ներկայանան որպէս Ապտուլլահ Չաթլիի հետեւորդները, որովհետեւ անոնք իրենց գրութեան տակ դրած են վերջինիս անունը:
Կարդացեք նաև
Նշենք նաեւ, որ Չաթլի Թուրքիոյ ազգայանամոլ շրջանակներուն համար յայտնի է իբրեւ եւրոպական տարբեր քաղաքներու մէջ ԱՍԱԼԱ-ի դէմ գործողութիւններ կազմակերպած անձնաւորութիւն մը: