Թորոս Սեֆիլյանի կոչը
Ես՝ Թորոս Սէֆիլեանս, Ժիրայր Սէֆիլեանի, Ալեք Ենիգոմուշեանի, Սարտարապատ Շարժման, Հիմնադիր Խորհրդարանի եւ Սասնա Ծռերի զինակից եւ գաղափարակից ընկերը եւ միեւնոյն ժամանակ Ժիրայր Սէֆիլեանի աւագ եղբայրը, իմ անկեղծ կոչն եմ անում բոլոր հայ ժողովուրդին եւ մասնաւորապէս մեզ ճանչցող, յարգող, ու վստահողներուն:
Սիրելի Ժողովուրդ եւ Արժանապատիւ Հայրենակիցներ,
Նախորդ շաբաթներուն արդէն բոլորիս շատ պարզ ու զգալի էր հանրահաւաքներ կազմակերպելու ռազմավարութեան սխալները:
Կարդացեք նաև
Ահա այս պահէն սկսեալ «Պէտք է դուրս գալ փողոց» եւ բոլոր կուսակցական «ԴՐՕՇՆԵՐԸ», բամբասանքները, անհանդուրժողականութիւնը, իրար չվստահելը եւ մարդկանց դատելը վարդնել է ետք պէտք է բոլորով միասին մասնակցինք ազգային ազատագրական պայքարին, Բոլորս մէկ մարմին, մէկ մարդու նման, որովհետեւ մենք՝ հայժողովուրդս, ուրիշ ելք չունինք: Ժողովուրդ, արդէն ուշանում ենք՝Հասկացէք այլեւս…:
Խնդրեմ, ես խնդիր չունիմ անոնք, որոնք կ’ուզէն զուգահեռ աշխատանքներ տանիլ ինչպէս պարզ միթինկներ, ստորագրահաւաքներ ու երթեր, բայց բոլորը թող իմանան, որ այդ ճանապարհներով երբեք չեն յուզելու յանցագործ իշխանութեանը: Այս համակարգը պէտք է փլուի, իսկ եթէ ոչ, այդ ժամանակ նոր գալիք սերունդին ժառանգ ենք թողնելու այս բռնապետական համակարգը եւ իրմէ ծնած չարիքի ծառայող գալիք բոլոր իշխանութիւնները:
Ուրեմն, խօսքէն գործի անցնելու ճանապարհը՝
Դադարեցնում ենք քննարկումները, դադարեցնում ենք բանակցութիւնները, դադարեցնում ենք պահանջելը բանտերէն ներս գտնուող տղերքի եւ բոլորքաղբանտարկեալներու ազատ արձակումը. տղաները մի քիչ թող հանգստանան բանտերում, մենք խնդիր չունենք: Սիրելի հայրենակիցներ, երկար մտածելէ ետք, (եւ ես այնքան չկամ, որ հրամայեմ իմ ժողովուրդին), մեծ սիրով կ’առաջարկեմ իմ ժողովուրդին, մասնաւորապէս ՀՀ բոլորքաղաքացիներուն-
Դուք գիտէք, որ ընդհանրապէս Շաբաթ օրերը ինչպէս կ’երթանք շուկայ, թատրոն, ռեստորան՝ ընթրիքի, զուարճանալու, մէկսմիւսին այցելութեան, բայց եկէք գոնէ այս անգամ, առաջին անգամ ըլլալով կարողանանք որոշել, ձեռք-ձեռքի, խելք-խելքի տալով ներկայ գտնուինք եկող շաբաթ օրը օգոստոսի 13-ին կէսօրէ ետք, նոր լուսաւորութեամբ, նոր տեսողութեամբ եւ նոր շունչով հաւաքուինք Ազատութեան հրապարակ եւ շատերուն ապացուցելով որպէս սկիզբը առաջին քայլի, նուազագոյնը 50 հազար հայորդիներով «հանգիստ եւ խաղաղ» մեր վճռական խօսքը եւ պահանջքը դնենք Ազատութեան հրապարակի սեղանին:
Եւ եթէ յաջողուի մեզ իրականացնել իմ նշած 50 հազարանոց մարդկանց թիւը Ազատութեան հրապարակ հրաւիրել, ուրեմն իմացէք, որ տուն չենք վերադառնալու ու շարունակելու ենք մնալ այնտեղ:
Երբ մեր պայքարը խաղաղ է, ամբողջ հայութիւնը մեզ հետ է: Երբ մեր պայքարը խաղաղէ, ամբողջ իշխանութեան ծառաները բերանները կըփակեն: Երբ մեր պայքարը խաղաղ է, միջազգային հանրութիւնը մեզ հետ է:
Սիրելի ժողովուրդ, այս պահի դրութեամբ բոլոր երեւոյթները ձեր բոլորին դժուար կ’երեւին, բայց լաւ գիտակցէք ու համոզուէք եւ որոշումի եկէք, որ անհնարին բան չկայ:
Ձեզ մէկ շաբաթ ժամանակ, մտածելու, գործերը դասաւորելու եւ վերջնական որոշումի գալու…, ինձ պիտի ներէք եւ իմացէք՝շատ կըցաւիմ, որ ես ձեր կողքին չեմ եւ այս պահին Պէյրութ կը գտնուիմ:
Եթէ համաձայնեք իմ բացակայութեամբ իմ առաջարկին, ուրեմն ես իմժողովուրդի պատասխանին կ’սպասեմ:
Ազատութեան հրապարակի բոլոր պահանջները
1) Սերժ Ազատի Սարգսեանի հրաժարականը:
2) Անցումային կառավարութեան ստեղծում:
3) Արտահերթ ազատ ընտրութիւններու ճամբով ժողովուրդի կամքը արտայայտող Ժողովրդի ծոցէն ծնած իշխանութիւններ ու ձեւաւորում:
4) Նոր սահմանադրութեան ընդունում:
5) Ազգային շահերը վեր դասող ազնիւ հայորդիներէ բաղկացած հսկող խումբ, միաւոր, որպէսզի հսկելով՝ մեզ յաջողուի իրականացնել ազգային Պետականաշինութիւնը:
«Երբ Ժողովուրդը իր խօսքն է ասում, ուրեմն հնարաւոր չէի շխանութիւններուն նրան չլսեն ու չենթարկուին»:
Ժողովուրդ, Լա՛ւ իմացէ՛ք ու լաւ լսէ՛ք…
«Նրանք, ովքեր դարձնում են խաղաղ յեղափոխութիւնը անհնարին, Նրա՛նք են, որ պիտի դարձնեն բռնի յեղափոխութիւնը անխուսափելի»:
Ձեր բոլորին սիրող ու յարգող,
Թորոս Սէֆիլեան
Պէյրութ, Օգոստոսի 6 , 2016
այս ամենը… Պէյրութից !
looooool