«Եռագույն». Թուրքիոյ հարաւ–արեւելեան քրտաբնակ երկու նոր նահանգներու անուանափոխութեան արձագանգելով՝ պոլսահայ «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Եդվարդ Տանզիկեան առաջարկած է Մուշ նահանգը անուանակոչել Տարօն։
Ան Twitter–ի իր էջին գրած է. «Թող Մուշն ալ Տարօն անուանափոխեն»:
Նշենք, որ թրքական իշխանութիւնները որոշած են քրտաբնակ Հաքքարի եւ Շրնաք նահանգները վերանուանել Նոյ եւ Ճուլամերիկ, իսկ Ճիզրէ եւ Իւքսեքովա քաղաքները դարձնել նահանգային կեդրոններ։