Երեւանի մէջ վերջին ցաւալի դէպքերը այսօր մէկ դաս ունին բոլորիս ու նախ եւ առաջ՝ իշխանութիւններուն. պէտք է գործել ճգնաժամային դրութեան մէջ ըլլալու տրամադրութեամբ։ Առաջին հերթին, իշխանութիւնները եւ անոնց չորս դին կանգնած ուժերը, քաղաքական եւ այլ, պարտաւոր են անդրադառնալու, որ գեղագիտական բարեփոխումները կամ դանդաղ քայլերով առաջ երթալու մօտեցումը ընդունելի չե՛ն այլեւս։
Վճռական եւ արմատական բարեկարգումները անյետաձգելի են, քանի որ երկիրը կ՛ապրի ճգնաժամային պայմաններու տակ։ Վերջին ութ տարիներուն, Հայաստանէն արտագաղթած են 300,000 քաղաքացիներ, Հայաստանի պետական պարտքը 1.9 միլիառ տոլարէն հասած է 5.1 միլիառ տոլարի, հակառակ անապահով խաւի արտագաղթին՝ աղքատութիւնը աճած է աւելի քան 10 տոկոսով, տնտեսութիւնը տագնապահար է եւ բանակին զինումը՝ անբաւարար։
Այս բոլորը չեն բաւեր կարծէք, ամայացած է նաեւ քաղաքական դաշտը։ Չկան ժողովուրդը ընդգրկող քաղաքական գործընթացներ։ Հանրութիւնը քաղաքական ուժերուն հանդէպ կորսնցուցած է հաւատքը եւ յոգնած է անոնց ապարդիւն գզվռտոցէն, յոգնած է ընտրակեղծիքներէն, շինծու քուէարկութիւններէն ու հանրաքուէներէն, օլիգարխներու սանձարձակութիւններէն, ամենաներկայ փտախտէն։ Խոստացուած բարեփոխումները չեն երեւիր, անդրադարձ չունին մարդոց առօրեայ կեանքին մէջ, ու դեռ՝ Արցախի ապրիլեան պատերազմէն ետք, հողային զիջումներու «համաձայնագիր» մը կը դրուի ընկերատնտեսական լուրջ ճգնաժամ ապրող Հայաստանի առջեւ։
Անցնող 15 օրերու իրադարձութիւններէն ետք, թէ՛ իշխանական, եւ թէ ընդդիմադիր ուժերը վերահաստատեցին «խնդիրներու» գոյութիւնը եւ խորքային, արմատական բարեփոխումներու անհրաժեշտութիւնը։
Կարդացեք նաև
Այո՛, բոլորս դաս ունինք քաղելու անցեալ երկու շաբաթներու դէպքերէն, բայց նախ՝ իշխանաւորներն ու անոնց շուրջ հաւաքուած, իշխանական բարիքներէն օգտուող պնակալէզները։ Արմատապէս փոխուելու, բարեփոխուելու պարտաւորութեան տակ կը գտնուին անոնք եւ ցարդ չեն ուզեր կամ չեն կրցած ըմբռնել ինքնամաքրման քաւարան մտնելու հրամայականը։ Ճգնաժամ է, եւ «ստից» քայլերով, բարեփոխումներու կապկումով (իմիտացիա), միայն աւելի խորացուցած կ՛ըլլան ճգնաժամը եւ կը յորդեցնեն ժողովուրդի արդէն իսկ լեցուած համբերութեան բաժակը։
Րաֆֆի Տուտագլեան
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում