Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Վանել ամբոխային տրամադրութիւնները

Օգոստոս 01,2016 10:56

Ներկայ ճգնաժամը թերեւս նախավերջին ազդն է հայրենիքի ճիշդ ու արդար բարեկարգման հրամայականին։ Ասիկա հաւանաբար նախավերջին զգաստութեան հրաւէրն է մեր սեփական տունը կարգի դնելու։ Կարելի չէ հերթական նոյն վերաբերմունքով մօտենալ շարունակուող հիմնական հարցերուն։ Թոյլատրելի չէ հնամաշ մտայնութեամբ ընկալել մեր առջեւ պարզուած ազգային իրականութիւնը։

Ճգնաժամի նկատմամբ հայրենի իշխանութեան ցուցաբերած զգօնութիւնը, համբերատարութիւնը եւ համեմատական զսպուածութիւնը յուսադրիչ կրնայ նկատուիլ։ Կը մնայ ակնկալել որ ճգնաժամի վերջնական հանգուցալուծման եւ ժողովուրդի բարօրութեան համար առնուելիք անմիջական քայլերը հանդիսանան աւելիով յուսադրական։

Մեր ժողովուրդը արժանի է լաւագոյնին – հեռանկար ունեցող առաջնորդներու, պայծառամիտ կառավարական պատասխանատուներու, արհեստավարժ պետական պաշտօնեաներու, անկաշառօրէն նուիրեալ հանրային ծառայողներու…, նոյնիսկ առարկայականօրէն անկողմնակալ լրագրողներու…։

Լաւագոյնի հասանելիութիւնը տակաւին կը մնայ անհաս։ Ասոր պատճառները բազմաթիւ են։ Թերեւս գլխաւոր պատճառներէն մին կրնայ հանդիսանալ նոյնինքն մեր ժողովուրդին մօտ 25 տարիներէ ի վեր յամեցող զանգուածային հոգեվիճակը։

Պէտք է աշխատանք տարուի մեր ժողովուրդը վերածելու հասարակութեան։ Այնքան ատեն որ տիրական է զանգուածայինը, պիտի խուսափի մեզմէ լաւագոյնը։ Շատ պարզ է այս տխուր հաստատումը։

Հասարակութիւնը տրամաբանող է եւ կարող է հակակշռելու զեխ դրսեւորումներ։ Շնորհիւ իր այս յատկութիւններուն, ընդհանրապէս դժուար է մոլորեցնել ու շահագործել հասարակութիւնը։

Միւս կողմէ, զանգուածը զգացական է եւ դիւրաւ զոհ կը դառնայ զգացական պոռթկումներու։ Այս իսկ պատճառաւ, աւելի դիւրին է իր նպատակէն շեղել զանգուածը եւ զայն օգտագործել սեփական շահարկումներու ի սպաս։

Մեր հայրենիքի դիմակալած ներկայ ճգնաժամը եկաւ կրկին անգամ ապացուցելու, որ հայրենական փողոցին վրայ կը շարունակէ տիրել զանգուածայինը։ Ե՞րբ պիտի կարենանք վերջ դնել այս զանգուածային կացութեան։ Ահաւասիկ հարցում մը որուն պատասխանը կը գտնուի ոչ թէ մեր ժողովուրդին մօտ, այլ՝ բոլոր անոնց որոնց վիճակուած է առաջնորդել մեր ժողովուրդը իբրեւ իշխանաւոր, կազմակերպութիւն թէ անհատ՝ ըլլան անոնք իշխանական, ընդդիմութիւն թէ չէզոք։

Պիտակաւորումներու եւ լոզունգներու փոխարէն հարկ է ժողովուրդին ներկայանալ ու ներկայացնել բարեփոխութիւններ առաջադրող հիմնաւորեալ ծրագիրներ։ Ածականներու եւ վերագրումներու փոխարէն հարկ է ժողովուրդին տրամադրել հայրենիքի բարելաւման կիրարկելի նպատակներ ու անոնց իրագործման օրինական միջոցառումներու ճանապարհներ։ Երբ հրամցուին ծրագիրներ, մեր ժողովուրդը իմացականութիւնը եւ կարողութիւնը ունի սեփական համոզումներու հիմամբ կատարելու ճիշդ ընտրանքը՝ հասուն հասարակութեան մը նման։

Հետեւաբար, առաջին հերթին հայրենիքի իշխանաւորները կը դիմակալեն ոչ միայն ճգնաժամ, այլեւ պատմական պատեհութիւն՝ բացուելու մեր ժողովուրդին, սրտցաւ զրուցելու անոր հետ, բացատրելու բացթողումները, կատարելու բարեփոխման առաջադրանքները, ներկայացնելու հարցերուն հերթական լուծումներ տրամադրող նախաձեռնութիւններ։ Բնակաբար, այս բոլորը կ՛ենթադրեն վստահիլ ու հաւատալ մեր ժողովուրդին ու իր բարօրութեան։

Երբ կը վստահինք ու հաւատանք մեր ժողովուրդին, մեր ժողովուրդի ինքնավստահութիւնը եւ հաւատքը կ՛ամրապնդենք աւելիով։ Այն ատեն կը վանենք ամբոխային տրամադրութիւնները եւ գործ կ՛ունենանք մեր իսկական հասարակութեան հետ, որ ամենայն բծախնդրութեամբ պիտի պահպանէ մեր Սահմանադրութիւնը եւ գործէ օրինականութեան ճանապարհով։

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2016
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031