Յուլիս 14-ին, Նիսի մէջ գործուած ահաբեկչական արարքին յաջորդող օրերուն սփռուեցան տեսանիւթեր, ուր տասնեակներով մարդկային կեանքեր կուլ տուող եւ ուրիշ հարիւրաւորներու ալ կեանքը քանդող բեռնատար կառքին կից կ՚երեւէր շարժանիւ (moto) մը: Անոր վրայի անձը ցատքելով բեռնատարին վրայ, կը փորձէր վնասազերծել մարդասպան վարորդը եւ արգելք հանդիսանալ այդ խօլ արշաւին: Այս մասին կը յայտնէ «Նոր յառաջ»-ը:
Օրեր ետք, պարզուեցաւ, որ այդ քաջ անձը, որ իր կեանքը վտանգած էր փրկելու համար ուրիշներունը, հայ մըն էր՝ ոմն Ֆրանք:
48-ամեայ հերոսը հեռատեսիլի France 2 կայանէն վկայելով այդ դէպքին մասին, բացատրեց, թէ իսկոյն անդրադառնալով կատարուածին ծանրակշիռ բնոյթին, արագացնելով իր շարժանիւը, հասած է բեռնատարի դուռին մակարդակին, կառչած է անոր, հարուածելով մարդասպանը՝ փորձած է զայն ստիպել կանգ առնելու: Եթէ ինք եւս զոհերու երկար շարքին մաս չի կազմեր, ատիկա բոլորովին իր բախտին կը պարտի Ֆրանք, քանի որ ահաբեկիչը փորձած է կրակել իր դէմքին բայց ատրճանակը պարպուած ըլլալով չէ յաջողած: Ապա, նոր փամփուշտներ լեցնելով ան երբ սկսած է կրկին կրակել, Ֆրանք այս անգամ ստիպուած վար իջած է կառքէն: Բայց ինք կ՚աւելցնէ, թէ բաւական դանդաղեցուցած ու խոչընդոտած է մարդասպանին գործողութիւնը, ինչ որ նաեւ թոյլ տուած է ոստիկաններուն՝ զայն վերջնապէս վնասազերծել:
«Ամէն պարագայի, պատրաստ էի մեռնելու», – կ՚եզրափակէ Նիսի հայ հերոսը: