«Գանձասար». Վերջերս Հալէպի պետական թանգարանը մէկէ աւելի անգամներ հրթիռակոծուեցաւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ։
13 Յուլիսին Սուրիոյ Թանգարաններու եւ հնութիւններու տնօրէնութիւնը հաղորդագրութեամբ մը դատապարտեց զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ Հալէպի պետական թանգարանին հրթիռակոծումը։ Այսօր աւաւօտեան եւս զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ տասնեակ հրթիռներով թիրախ դարձուցին թանգարանը։
Թանգարանի կառոյցը նիւթական մեծ վնասներ կրեց։
Նշենք, թէ Հալէպի պետական թանգարանը հիմնուած է 1931-ին եւ կ՚ընդգրկէ Հալէպի եւ աշխարհի կարեւորագոյն հնութիւններն ու գանձերը։