ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթի Յուլիս 25ի թիւին մէջ յօդուածագիր Ֆաթիհ Չեքիրկէ «Հայաստանի Հետ Դարձեալ Բանակցութիւն» խորագրեալ յօդուածին մէջ կը գրէ, թէ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու սկսած էր գետին պատրաստելու՝ Հայաստանի հետ բանակցութիւններու համար, սակայն զինուորական հարուածը կասեցուցած է այդ աշխատանքը։
Յօդուածին մէջ կը կարդանք, որ Չաւուշօղլու Յուլիս 15ին, Պաքուէն Սամսուն վերադարձած էր «շատ լաւ տրամադրութեամբ»։ Նախարարը Պաքուի մէջ խորհրդակցութիւններ ունեցած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ մշակելու, սահմանային հարցերը լուծելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծելու կապակցութեամբ։ Նախարարը նաեւ Չեքիրկէին ըսած էր. «Դեռ աւելի՛ լաւ բաներ պիտի պատահին, հաշտութեան ու խաղաղութեան մասին լաւ լուրեր պիտի լսէք. Ռուսիայէն ետք՝ այլ երկիրներ ալ պիտի շահինք իբրեւ բարեկամ»։
Այս գոհունակութեամբ վերադարձող Չաւուշօղլու յանկարծ Թուրքիոյ մէջ դէմ յանդիման եկած էր Յուլիս 15ի զինուորական հարուածին։
Չեքիրկէ կ՛եզրակացնէ, որ արտաքին գործոց նախարարի մը համար դժբախտութիւն է «երկրին ի նպաստ այսպիսի գոհացուցիչ շփումներ ունենալէ ետք՝ երկիր վերադառնալ ու յանկարծ դէմ յանդիման մնալ հայրենադաւերու հետ»։
Կարդացեք նաև
Յուլիս 25ին Չաւուշօղլու տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որ իր առաջինն էր՝ զինուորական հարուածի փորձէն ետք։ Ասուլիսին ընթացքին նախարարը նշեց, որ Պաքուի մէջ իր խորհրդակցութեանց գլխաւոր նիւթերէն մէկը եղած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատումը, միաժամանակ նշելով, որ ցարդ այդ կապակցութեամբ շփումներ չեն կատարուած Երեւանի հետ։