Լրահոս
COP29-ի հակառակ կողմը
Օրվա լրահոսը

Կարո Արմենյան. Ողբերգութիւնը այն է, որ այս անօրինակ հակամարտութեան կողմերէն իւրաքանչիւրը որեւէ բանական ելք չունի այսօր. «Ասպարեզ»

Հուլիս 21,2016 11:11

«…Չարաշահութեան ախտը պէտք է դուրս շպրտուի մեր երկրի հասարակութեան կեանքէն։ Ան պէտք է արմատախիլ ըլլայ իր տեղը զիջելով ուղղամիտ եւ հպարտ մարդոց հասարակակարգին։ Եւ դատելով իրերու ընթացքէն մենք ամէն պատճառ ունինք հաւատալու, որ ան անպայման դուրս պիտի գայ մեր երկրի կեանքէն յատկապէս վերջին պատերազմի յառաջ բերած նոր ինքնագիտակցութեան շնորհիւ։ Ան դուրս պիտի շպրտուի կա՛մ պետական քաղաքականութեամբ եւ կա՛մ ի հեճուկս անոր…Այս ընտրութիւնը շատ յստակ է այսօր եւ հնչա՛ծ է ժամը։ Պէտք է յուսալ եւ սրտանց մաղթել, որ պր. նախագահը, պր. վարչապետը եւ իրենց գործընկերները այս կենսական ընտրանքին լիովին գիտակցին եւ գործեն մետասաներորդ ժամու սուր զգացողութեամբ։»

(«Եկած Է Ժամը Գօտիները Սեղմելու…Բայց Որո՞նց Մէջքին», Կարօ Արմենեան, Ասպարէզ, Մայիս 31, 2016)

Երբ հասած ենք այն կէտին, ուր երբեմնի ազատամարտիկները իրենց զէնքերու փողերը կը դարձնեն դէպի ներքին քաղաքական ոլորտ եւ աննախընթաց թափով եւ աննախընթաց զայրոյթով կ՛ընդհարուին երկրի ապահովութեան ուժերուն, մենք արդէն հասած ենք սահմանագիծ եւ մեր հաւաքական ինքնութեան բոլոր նախադրեալները դրուած են նժարի վրայ։ Էրեբունի քաղաքամասի ոստիկանատան առջեւ, հակընդդէմ դիրքերու ետին, այժմ դարան մտած երկու կողմերը մեր ազգային ինքնագիտակցութեան իրական չափանիշն է, որ պիտի վճռեն շուտով եւ մեր բոլորին հաշւոյն։

Ահաւոր բան է գտնուիլ այսքան հեռուն եւ գոյութեանդ բոլոր բջիջներով կանգնած ըլլալ հոն, Էրեբունիի երկու հակամարտ զէնքերուն միջեւ։ Մեր անկախ պետականութեան քսան հինգերորդ տարին յանկարծ դրած է մեզ այս անհեթեթ եւ միաժամանակ ողբերգական դրութեան մէջ։ Այս պահուն գիշեր է Երևանի մէջ, իսկ մեր կեանքերուն վրայ կախուած է ծանր հարցականը։ Արդեօ՞ք…

Ողբերգութիւնը այն է, որ այս անօրինակ հակամարտութեան կողմերէն իւրաքանչիւրը որեւէ բանական ելք չունի այսօր։ Անոնք երկուստեք կը գտնուին նոյն փակուղիին մէջ։ Ապահովութեան ուժերը գիտեն, որ արիւնահեղութեամբ կարելի չէ վերջ տալ այս ըմբոստութեան։ Արիւնահեղութեամբ կրնայ միայն ծաւալիլ ըմբոստութիւնը եւ երկիրը տանիլ աւելի մեծ արիւնահեղութեան եւ ինքնակործանումի։ Ոստիկանատունը գրաւած զինեալները գիտեն, որ իրենք կրնան միայն վարկաբեկել իրենց պահանջատիրութիւնը, եթէ իրենց զէնքերը ուղղեն իրենց պատանդներուն դէմ, որոնք իրենց եղբայրներն են։ Իսկ երկուքն ալ քաջ գիտեն, որ այս անմիտ գործընթացը ստոյգ ինքնասպանութիւն է մեր երկրին եւ մեր ժողովուրդին համար։

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Նյութի մանրամասները կարդացեք  «Ասպարեզ»-ի  կայքում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հուլիս 2016
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Օգո »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031