ՊՈԼԻՍ, «Ակունք».– Ըստ սովորութեան՝ Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած իւրաքանչիւր քաոսի ժամանակ թիրախ կը դառնան ոչ-իսլամներն ու անոնց տաճարները: Վկայակոչելով թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը՝ «Ակունք» կը յայտնէ, թէ թրքական վերջին յեղաշրջման փորձին դէմ իրենց բողոքը արտայայտելու համար, Յուլիս 16ի երեկոյեան փողոց դուրս եկած են որոշ խումբեր, որոնք յարձակած են Տրապիզոնի Ս. Մարիա կաթողիկէ եւ Մալաթիոյ բողոքական եկեղեցիներուն վրայ: Անոնք քարեր նետած են եկեղեցիներուն վրայ՝ ջարդելով անոնց ապակիները: Եկեղեցիներու հարեւանութեամբ բնակողներուն դիմադրութեան եւ ձեռնարկած քայլերուն արդիւնքով, նշեալ խումբերը լքած են եկեղեցիներուն վայրերը:
Յիշեցնենք, որ 2006ի Փետրուար 5ին, Տրապիզոնի Սուրբ Մարիա կաթողիկէ եկեղեցւոյ քահանան սպաննուեցաւ նոյն եկեղեցւոյ մէջ: