Ապրիլի առաջին օրերուն, Արցախի սահմանային գօտիներուն մէջ արձանագրուած ծանօթ ճակատումներէն ետք, բանակցութեանց ու անոնց մասին մեկնաբանութիւններու սակարանը բաւական ելեւէջ արձանագրեց Վիեննայի ու Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայացած ծանօթ հանդիպումներուն լոյսին տակ, վերաքաղի ենթարկելով մատրիտեան ու նման հանգրուաններու թղթածրարները։
Բանակցային եռուզեռին մասին Պաքուէն «սպրդում»ները հերքուեցան պաշտօնական Երեւանի կողմէ, «այդպէս չէ» իմաստով լակոնական բառերով, սակայն դիւանագիտական սեղաններու շուրջ եւ քուլիսներու մէջ կատարուածին մասին ճնշող գաղտնապահութեան մը պահպանումը առատ ջուր բերաւ մեկնաբանութիւններու ջաղացքին, ու մինչեւ այսօր ալ, հաւանական զարգացումներու մասին շփոթը ըստ բաւականին չէ փարատած։
Ապրիլեան բախումներուն լոյսին տակ, նոր իմաստ ու բովանդակութիւն զգեցած են մանաւանդ այն զրոյցները, որոնք կը շօշափեն խաղաղ լուծումի նախապայմանները, անկախ անկէ, թէ լուծումը «փաթեթայի՞ն», թէ՞ «հանգրուանային» ընտրանքներով պիտի հետապնդուի (այս փոխընտրանքները արդէն յամեցող «Գորդեան Հանգոյց»ին մէկ արտայայտիչն են)։ Յամենայնդէպս, աւելի յաճախակի ու լուսարձակներ գրաւող դարձան այն զրոյցները, ըստ որոնց՝ վերջնական լուծումի համար, հայկական կողմը տրամադիր է «գրաւեալ տարածքներ» յանձնելու Ատրպէյճանին (եւ այլն, եւ այլն), եւ թէ՝ հող զիջելու ընտրանքը նորութիւն չէ։ Մինչեւ իսկ մեր պետական կարգ մը ներկայացուցիչները «գրաւեալ տարածքներ» ձեւը որդեգրած են իրենց հրապարակային արտայայտութեանց մէջ կամ բանակցութեանց երթալ-գալու ճամբուն վրայ, ակնարկելով այն հողերուն, որոնք պատմականօրէն հայկական են ու ազատագրուած՝ նոյնինքն Ատրպէյճանի կողմէ շղթայազերծուած բազմահանգրուան պատերազմական գործողութիւններու իբրեւ հակադարձութիւն։
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում