yerakouyn.com. Չորեքշաբթի, 13 Յուլիսին Հալէպի վիլլաներ թաղամասին մէջ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հանդիպակաց բնակարանի մը վրայ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ արձակուած հրթիռի մը պայթիւնին հետեւանքով բնակարանը քանդուած է, սակայն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կառոյցը չէ վնասուած, ջարդուած են քանի մը փոքր ապակիներ միայն, եկեղեցին կանգուն է, անվնաս մնացած է նաեւ եկեղեցւոյ կից գտնուող Կրթասիրաց Ս. Չեմպերճեան վարժարանը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը տեղեկացաւ Հալէպի Գանձասար շաբաթաթերթէն, թերթի խմբագիրը կը հերքէ եկեղեցւոյ վնասի մասին շրջանառուող կեղծ լուրերը։