Այսօր առաւօտեան վաղ ժամերէն սկսեալ ահաւոր հրթիռակոծումներու, բախումներու, պայթիւններու եւ հրաձգութեան ձայներու տակ օրը կը դիմաւորէ Հալէպի բնակչութիւնը, կը գրէ «Գանձասար»-ը։
Բախումներու հետեւանքով պողոտաներուն վրայ պայթուցիկ փամփուշտներ կը տեղան։ Հրթիռներ կ՚իյնան զանազան շրջաններու մէջ։
Վայրկեաններ առաջ ստորգետնեայ պայթիւնի մը հետեւանքով քաղաքը ուժգին կերպով ցնցուեցաւ։
Պուսթան ալ Քասըր, Մունշիէ, Ճըտէյտէ, Սէյֆ ալ Տաուլէ, Աշրաֆիէ, Շէյխ Թահա, Սաատ Ալլահ Ճապրի, Մերիտիէն եւ այլ շրջաններ հրթիռակոծման կ՚ենթարկուին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ։
Կարդացեք նաև
Զինեալ ահաբեկչալան խմբաւորումներ կը փորձեն թափանցել յատկապէս Ճըտէյտէի ռւ Հին Հալէպի շրջաններ, սակայն սուրիական բանակը ետ կը մղէ թափանցման փորձերը։
Բնակչութեան յանձնարարուած է տեղաւորուիլ բնակարաններու առաւել ապահով եւ պատուհաններէ հեռու սենեակներու մէջ՝ զերծ մնալու վտանգներէ։