Սուրիական բանակը, շարունակելով Հալէպի հիւսիսային գիւղերուն մէջ իր յառաջխաղացքը, իր հակակշռին տակ առաւ Քասթելլօ տանող մայր ճամբան եւ յառաջացաւ Լերամոն շրջանին մէջ, այսպիսով շրջափակելով Հալէպի արեւելեան շրջանի ու յատկապէս Պենի Զետի մէջ կայք հաստատած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները, որոնք տուեալ շրջանէն տարիներ շարունակ անխնայ կը հրթիռակոծեն Հալէպի խաղաղ բնակչութիւնը։ Այս մասին հայտնում է «Գանձասարը»:
Բախումները կը շարունակուին եւ սուրիական բանակը կը յառաջանայ դէպի Քասթելլօ։
Շրջափակման մէջ յայտնուած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները անել կացութեան մատնուելով կը շարունակեն վրէժ լուծել խաղաղ բնակչութենէն ու հրթիռակոծել Հալէպի բնակելի զանազան թաղամասերը։
Երէկ եւ այսօր զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ Հալէպի բնակելի թաղամասերու հրթիռակոծման հետեւանքով արձանագրուած զոհերուն թիւը «ՍԱՆԱ»ի տուեալներուն համաձայն հասաւ 45-ի, որոնց 28-ը երեխաներ են, իսկ վիրաւորներուն թիւնը հասաւ 331-ի։
Հալէպի բնակչութիւնը ապահովական առումով ծանր պահեր կ՛ապրի։ Զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ արձակուած հրթիռներ եւ պայթող փամփուշտներ կ՛իյնան զանազան շրջաններու մէջ՝ խլելով անմեղ մարդոց ու մանուկներուն կեանքը։
Նշենք, որ Սուրիական Բանակի Հրամանատարութիւնը երկարաձգեց նախապէս հաստատուած զինադադարը երեք օրուայ դրութեամբ։ Զինադադարին մէջ չեն ներառուիր ահաբեկչական խմբաւորումները։