Ուրբաթ՝ Յուլիս 8-ին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ խախտելով զինադադարը սկսան Հալէպի զանազան շրջաններ հրթիռակոծելու, որուն հետեւանքով արձանագրուեցաւ 40 զոհ, մեծամասնութեամբ երեխաներ եւ 250 վիրաւոր։ Այս մասին հայտնում է «Եռագույնը»:
Նոր Գիւղի մէջ վիրաւորուեցան երկու հայուհիներ՝ Հռիփսիմէ Ղազարեան եւ Սօսի Ղազարեան-Հեքիմեան։
Հռիփսիմէ Ղազարեանի վիճակը կայուն է, ան հիւանդանոցէն դուրս եկած է արդէն, իսկ Սօսի Ղազարեան-Հեքիմեանը վիրաբուժութեան պիտի ենթարկուի։
Հրթիռ մը ինկաւ Ազիզիէ շրջանին մէջ, այնուհետեւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծեցին Հալէպի պետական համալսարանի հանրակացարանի հրապարակը, Ֆըրքան, Մաշարքա, Շէհպէէ Ռոզ, Մերիտիէն շրջանները։
Կարդացեք նաև