«Գանձասար». Երեկ առաւօտեան վաղ ժամերէն զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ, խախտելով զինադադարը, հրթիռակոծել սկսան Հալէպի զանազան թաղամասերը։
Առաւօտեան ժամը 6:30-ին հրթիռ մը ինկաւ Ազիզիէ շրջանին մէջ, այնուհետեւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծեցին Հալէպի պետական համալսարանի հանրակացարանի հրապարակը, Ֆըրքան, Մաշարքա, Շէհպէէ Ռոզ, Մերիտիէն, Նոր Գիւղ շրջանները։
Ներկայ տուեալներով արձանագրուած է 10 զոհ, 100 վիրաւոր, որոնց մեծամասնութիւնը երեխաներ են։ Վիրաւորները փոխադրուած են Ալ Ռազի հիւանդանոց։