Վերջին տարիներուն կամ նոյնիսկ վերջին ամիսներուն, քանի՞ անգամ ազգովին դէմ առ դէմ եկած ենք այնպիսի կացութիւններու, որոնց դիմագրաւումը մեզմէ իւրաքանչիւրէն կը պահանջէր գերլարուած աշխատանք, առաւելագոյն ներդրում:
Այդ կացութիւնները բնութագրելու համար յաճախ օգտագործած ենք «կենաց մահու», «ճակատագրական» կամ ատոնց հաւասար եզրեր:
Եթէ գնահատենք մեր հաւաքական անդրադարձը նման կացութիւնները միասնաբար եւ առաւելագոյն նուիրումով դիմագրաւելու կոչերուն, ապա վստահաբար յուսախաբ պիտի ըլլանք:
Ամէնէն դիւրին ճամբան յուսախաբութիւնը բացատրելու կամ արդարացնելու, մեղքը ժողովուրդի անտարբերութեան վրայ բարդելը եղած է: Հետեւնաքը՝ յաջորդ կոչերուն ժողովուրդը կրնայ աւելի անտարբերութեամբ պատասխանել կոչերուն, որոնց հանդէպ իր հաւատքը սասանած է:
Կարդացեք նաև
Այո, ժողովուրդը այլեւս չի հաւատար, որ որեւէ պահու «կենաց մահու» վճռականութեամբ գործելու անհրաժեշտութիւն կայ: Գոնէ մինչեւ հիմա ստեղծուած լուրջ պարագաները ճակատագրական ըլլալով հանդերձ, ժողովուրդը իր ղեկավարութեան մօտ չէ նկատած համապատասխան լրջութեամբ ու հետեւողականութեամբ աշխատելու վարքագիծ, որուն պատճառով իր զգայնութիւնը այդ բառերուն հանդէպ թմրած է:
Աւելին: Հաւաքական, ընդհանուր զօրաշարժ ստեղծելու մթնոլորտ չենք կրցած ստեղծել եւ այդ «չենք»ին մէջ դերակատարները ազգի պատասխանատուներն են՝ պետականէն սկսած մինչեւ Սփիւռքի կառոյցներուն ղեկավարները: Ներառեալ մամուլը՝ իր բոլոր տեսակներով:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում