«Հայկական նաւատորմի նուագախումբ»էն (Armenian Navy Band) տաղանդաւոր երգիչ եւ երաժշտական տարբեր գործիքներ նուագող Արթօ Թունչպոյաճեան Շաբաթ, Յուլիս 2-ին, երեկոյեան ժամը 8-էն սկսեալ անվճար համերգ մը պիտի տայ Լոս Անճելըսի քաղաքամէջի Քալիֆորնիա հրապարակին մէջ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։
«Կրենտի ներկայացումներ»ու շարքին մաս կազմող համերգին ընթացքին, Արթօ ելոյթ պիտի ունենայ «1-3» կոչուղ նուագախումբին հետ, որուն միւս անդամներն են՝ դաշնակահար Վարդա Յովսէփեան եւ թաւջութակահար Արթէոմ Մանուկեան։
Նյութի մանրամասները կարդացեք yerakouyn.com–ի կայքում