Արցախի վրայ ամպեր կուտակուած են, կ՛ըսեն վերլուծաբանները: Ռուսական ծրագրի մը մասին ակնարկներ կ՛ըլլան, Կազանի, Մատրիտի նախագիծեր կը բացայայտուին:
Վիեննայէն ու Փեթերսպուրկէն իբր թէ առաւելութիւններով դուրս եկած էինք ու նոյն ինքն Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւններէն կը պարզուի, որ Ատրպէյճան ոչ մէկ յանձնառութիւն ստանձնած է ու որեւէ պահու իր զօրքերը կրնան դարձեալ յարձակում գործել Արցախի վրայ:
Բոլորն ալ՝ չարագուշակ, բոլորն ալ՝ մեզմէ, մեր ժողովուրդէն, Արցախէն աներեւակայելի զիջումներ պահանջող:
Այս բացայայտ կամ թաքուն ծրագիրները մերժելու, հաւանական ճնշումներուն դէմ դնելու առաջին նախապայմանը ռազմական գետնի վրայ ինքնուրոյն դիմանալու հնարաւորութիւն ստեղծելն է:
Կարդացեք նաև
Ռուսիայէն զէնքեր գնելու համաձայնագրի գործադրութեան ձգձգումը բաւարար պէտք է ըլլայ մեզ համոզելու համար, որ մեր ժողովուրդին զիջում պարտադրելու համար մեզ թոյլ ու անօգնական հոգեվիճակի պիտի ուզեն դատապարտել եւ ատոր լաւագոյն ձեւը մեր զինավառութեան գործընթացը դանդաղեցնելն է, կամ նոյնիսկ կասեցնելը:
Նյութի մանրամասները կարդացեք Asbarez–ի կայքում