Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Պալատակա՞ն», թէ «մարտական»… հաշուեյարդար. «Ասպարեզ»

Հունիս 24,2016 08:11

Իշխանաւոր ճամբարէն՝ բարձրաստիճան բանակայիններ պաշտօնէ կ՛արձակուին եւ կաշառակերութեան կամ խաթարուածութեան մեղադրանքով պաշտօնատարներ կը բանտարկուին։

Ընդդիմադրութեան ճամբարէն՝ խորհրդարանական պատգամաւոր մը ծեծի ու խոշտանգումի կ՛ենթարկուի, իսկ քաղաքական-մարտական գործիչ մը զինեալ յեղաշրջում ձեռնարկելու մեղադրանքով կրկին կը բանտարկուի…

Այս բոլորին մասին լրատուութիւնը հասանելի է բոլորիս եւ ձեռնածալ նստած՝ մեր օրապահիկը ապահովելու հոգով տագնապող սովորական քաղաքացինե՞ր ըլլանք, թէ քաղաքական յանձնառութեամբ եւ պատասխանատուութեան զգացումով աւելի արդար հասարակարգի մը համար պայքարելու պատրաստ գործիչներ ըլլանք, արդիւնքը նոյնն է.

– Բացի պետական լծակներուն տէր եղող իշխանաւոր փոքրամասնութենէն, բոլորս ալ կը խարխափինք անտեղեակութեան եւ ապատեղեկատուութեան մութին մէջ…

Ո՛չ «իրաւական պետութեան» հանդէպ յարգանք կայ, ո՛չ ալ ժողովուրդին հաշիւ տալու հրամայականին արժէք տուող կայ։

Խորհրդային ամբողջատիրութեան բեռին հետ կարծէք ժառանգած ենք քաղաքական կառավարման համակարգ մը, ուր իշխանութիւնը կը գործէ այն «աստուածային օրէնքով», ըստ որուն՝ «Թագաւորը միշտ լաւը կը մտածէ իր հօտին մասին»…

Բայց մինչ «թագաւոր»ը ամենայն «սրտցաւութեամբ» իր «հօտ»ին կը վստահեցնէ, թէ պէտք չկայ իրարանցումի, անդին մարդիկ իրենց տեսածին եւ կորսնցուցածին կը հաւատան, որ իշխանութեանց քարոզածին ճիշդ հակառակն է, որովհետեւ մեր ժողովուրդը երկու օրուան մէջ աւելի քան հարիւր զաւակ զոհ տուաւ… թշնամիի նախայարձակումէն տեղեակ չըլլալու «թագաւոր»ին ձախաւերութեան։

Հաշուետուութեան կեղծ հովերով, «թագաւոր»ը աջ ու ձախին կը փորձէ ինքնավստահութիւն ներշնչել՝ հաւատացնելով, թէ իբր մենք ուժեղ ենք եւ ի հարկին կրնանք «հակառակորդ»ին պէտք եղած «դասը տալ»։ Բայց միաժամանակ մեր «թագաւոր»ը կը փորձէ համոզել ժողովուրդին, որ հակառակորդին գրաւած հայրենի «բուռ մը հողին» վերատիրացման համար չ՛արժեր մեր երիտասարդներէն յաւելեալ արիւն զոհաբերել, մանաւանդ որ իբր թէ այդ բուռ մը հողը ռազմագիտական արժէք ալ չունի… «թագաւոր»ի խորհրդատուներուն կարծիքով։

Իսկ երբ ռազմավարական եւ ռազմագիտական հարցերու արհեստավարժ փորձագէտներ միջազգային հանրութեան եւ աշխարհին վկայութիւն կը ներկայացնեն ու կը պնդեն, թէ Ապրիլի քառօրեայ պատերազմին մեր զոհերուն բացարձակ մեծամասնութիւնը զոհուեցաւ ոչ թէ գրաւեալ մեր հողերուն վերատիրանալու կռիւներու ընթացքին, այլ առաջին իսկ օրուան անակնկալ նախայարձակման ժամանակ, գիտէք չէ՞, որ ի՛նչ եղաւ «թագաւոր»ին արձագանգը. աւելորդ է ժամանակ եւ շունչ վատնել նման «բանսարկուներու» պատասխան տալու համարատուի իր պարտաւորութեան վրայ։

Այդուհանդերձ՝ երբ «թագաւոր»ի պալատական շրջապատէն երբեմնի մարտական գործակից մը Հայաստան վերադարձաւ եւ Արցախ գնաց՝ իշխանաւոր ճամբարը գրեթէ միաբերան փորձեց զգուշացնել մեր ժողովուրդին, որ շատ ականջ չկախէ Սամուէլ Բաբայեանի… «յոխորտանքներուն»։

Չէ՛ եւ ո՛չ, պարոնայք պետական այրեր։ Պալատական թէ մարտական հաշուեյարդարներով ազատ ու անկախ հայրենիք չես կրնար հզօրացնել, մանաւա՛նդ միացեալ հայրենիք կերտել։

Եթէ արտաքին ուժեր վճռած են իրենց յարմար դատած եղանակով Հայաստանի ու հայութեան պարտադրել իրենց նախասիրած քարտէսն ու քաղաքական լուծումը, գոնէ իբրեւ այս պետութեան պահապանն ու պաշտպանը՝ մեր ժողովուրդը պէտք է գիտնայ, թէ ի՞նչ ապագայ կը պատրաստուի ու կը պարտադրուի իր գալիք սերունդներուն։

Ապրիլ 2016ի առաջին քառօրեայի ողբերգութենէն ետք ո՛չ մէկ իշխանութիւն իրաւունք ունի սեփական ժողովուրդը դատապարտելու մութին մէջ խարխափելով դէպի անյայտը սայթաքելու պատուհասին։

Սեփական ժողովուրդէն դուրս չկան ուժի յենարան եւ դիմադրականութեան երաշխիք։ Հաշիւ տուէք եւ ոչ թէ պալատական կամ մարտական հաշուեյարդարներով մսխէք Հայաստանի եւ հայութեան բաժին ինկած ամբողջական վերականգնումի եւ ինքնահաստատման պատմական բացառիկ պահը։

Ն.ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝  «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2016
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս   Հուլ »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930