ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԵՍ, «Աժենսիա Փրենսա Արմէնիա».- Չիլիի խորհրդարանը Յունիս 22ին մերժեց ատրպէյճանական լոպիին կողմէ առաջ մղուած այն բանաձեւը, որով կը պահանջուէր դատապարտել «Խոջալուի ցեղասպանութիւնը» եւ կը դատապարտուէր «Ատրպէյճանի հողերուն բռնագրաւումը»։
Նշենք, որ ատրպէյճանական լոպին իր այս քայլով կը փորձէր հակադարձել Չիլիի խորհրդարանին կողմէ Մայիս 18ին վաւերացուած մէկ որոշումին, որ կը դատապարտէր Արցախի վրայ ատրպէյճանական վերջին յարձակումը։
Քուէարկութենէն առաջ, Արժանթինի եւ Չիլիի մօտ Հայաստանի դեսպան Ալեքսան Յարութիւնեան խորհրդարանի անդամներուն նամակներ յղած էր՝ բացայայտելով պատմական իրականութիւնները։ Նամակները ստորագրած են Արժանթինի եւ Չիլիի Հայոց թեմի առաջնորդ Գիսակ արք. Մուրատեանի եւ Չիլիի հայ համայնքի ներկայացուցիչները ու ինք՝ դեսպանը։