«Այսօր` Յունիս 19-ի կէսօրուայ ժամը 12:00-ին, Գամիշլիի մէջ ահաբեկչական ինքնասպանական գործողութիւն մը տեղի ունեցած է», -կը հաղորդէ սուրիական ՍԱՆԱ գործակալութիւնը։
Պայթումը տեղի ունեցած է Քընտի պարտէզին դիմաց, մար Գաբրիէլ սրահին մօտ, ուր կը գտնուէր սուրիանիներու կաթողիկոս Մար Աֆրամ երկրորդ, որ հովուական յատուկ այցելութեամբ ժամանած էր Գամիշլի։
Ահաբեկիչը քրիստոնեայ կղերի զգեստով ծպտուելով փորձած է մտնել սրահ, սակայն Տուրոնոյօ ջոկատի պահակախումբին կատարած խուզարկման ընթացքին, երբ յայտնաբերուած է իր ծպտուած եւ ականապատուած ըլլալը, ահաբեկիչը ինքզինք պայթեցուցած է։
Ներկայ տուեալներուն համաձայն արձանագրուած են 3 զոհեր և վիրաւորներ։
Կարդացեք նաև
Նշենք, որ կաթողիկոսի այցելութեան գլխաւոր նպատակն էր բացումը կատարել 101 տարի առաջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին կառուցուած Սեֆոյի յուշարձանին, որ կը գտնուի պայթումի վայրին մօտ։