«Թինա եւ Ռիչըրտ Վ. Գարոլաններու հիմնարկը, որ կը ղեկավարուի Թինա Գարոլանի եւ իր զաւակին՝ Ռիչըրտ Կրտսերի կողմէ, 30,000 տոլար նուիրած է Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴ-ի «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւին, որուն նպատակն է աջակցիլ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն»,-կը հաղորդէ “Ասպարէզ”-ը։
Գումարը տրամադրուած է Արցախի բանակայիններուն համար 2000 քնապարկեր գնելու նպատակով, իսկ այդ քնապարկերը պիտի արտադրուին «Տեսի» ընկերութեան Հայաստանի Վաղարշապատ քաղաքի գործարանին մէջ։ Անոնք Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան միջոցաւ պիտի փոխանցուին Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան։
Ապրիլեան յարձակումներէն ետք, հայկական իշխանութեանց հետ քննելէ ետք Արցախի բանակին լաւագոյն կերպով օժանդակելու կարելիութիւնները, հիմնարկը հասած է այն եղրակացութեան, որ քնապարկերու յանձնումը մեծապէս պիտի նպաստէ Արցախի սահմանները պաշտպանող զինուորներու կարիքներուն հասնելու ջանքերուն։
Գարոլաններու այս վերջին նուիրատուութիւնը կու գայ անգամ մը եւս լուսարձակի տակ առնելու այն իրողութիւնը, որ անոնք շարունակաբար նեցուկ կը կանգնին ամերիկահայութեան՝ Հայաստանն ու Արցախը հզօրացնելու աշխատանքներուն։
Կարդացեք նաև
Վերջին քանի մը տասնամեակներուն, տէր եւ տիկին Ռիչըրտ Վ. եւ Թինա Գարոլանները գործնականապէս ցոյց տուած էին, թէ որքանո՛վ նուիրուած են Հայկական Հարցին, իսկ այժմ ամոլին առատաձեռնութիւնը շարունակելու պարտականութիւնը ստանձնած է Գարոլաններու զաւակը՝ Ռիչըրտ Կրտսերը, որուն մղումը յատկանշական աջակցութիւն մը պիտի հանդիսանայ Արցախի պաշտպանութեան ուժերուն։
«Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւին աջակցելու համար, այցելել www.withoursoldiers.com կայքը։