Լրահոս
Ալիեւը «շիրա էր տալիս»
Օրվա լրահոսը

Թուրքիոյ արդարութեան նախարարութիինը կը մերժէ Սիս Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքի քննարկումը. armenianorthodoxchurch

Հունիս 16,2016 22:44

armenianorthodoxchurch. Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդին, 27 Ապրիլ 2015-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դատական հայց ներկայացուցած էր Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ՝ պահանջելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը։

Շուրջ 100 էջերու վրայ տարածուած դատական հայցը` պատմական, կրօնական, քաղաքական եւ օրինական տուեալներու հիման վրայ, յարակից փաստաթուղթերով եւ վկայութիւններով, կը պարզէր Սիսի Կաթողիկոսարանի պատկանելիութիւնը, անոր դերը Օսմանեան Կայսրութեան սահմաններուն մէջ ապրող հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս, Սահակ Բ. Կաթողիկոսին ու միաբանութեան պարտադիր հեռացումը Սիսի Կաթողիկոսարանէն եւ անոր բռնագրաւումը պետութեան կողմէ։

Անցնող տարուան ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տեղեկատուական գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւններուն, ինչպէս նաեւ Վեհափառ Հայրապետին հարցազրոյցներուն եւ մտաւորականներուն հետ ունեցած հանդիպումներուն ճամբով, դատին մասին անհրաժեշտ տեղեկութիւններ եւ լուսաբանութիւններ տրուած էին մեր ժողովուրդի զաւակներուն։

Նկատի ունենալով դատին կարեւորութիւնը, Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանը այս գծով ուզած է ունենալ Արդարութեան Նախարարութեան տեսակէտը։ Արդարութեան Նախարարութիւնը 11 Մայիս 2016 թուակիր նամակով, Սահմանադրական Դատարանի իրաւասութեանց առնչուած շարք մը տուեալներէ ու պատճառաբանութիւններէ մեկնելով, թելադրած է մերժել իրեն ներկայացուած դատական հայցի քննարկումը: Ապա, Սահմանադրական Դատարանը 15 օրերու պայմանաժամ տուաւ Կաթողիկոսութեան պատասխանելու Արդարութեան Նախարարութեան մերժողագրին։

Արդարեւ, 15 օրերու ընթացքին, մեր իրաւական յանձնախումբի անդամները, հետեւողական ու մնայուն խորհրդակցութիւններէ ու քննարկումներէ ետք, պատրաստեց իր պատասխանը եւ 26 Մայիս 2016 թուականին փոխանցեց Սահմանադրական Դատարանին։
Կաթողիկոսարանի պատասխանին մէջ պատմական ու իրաւական յստակ հիմնաւորումներով մերժուեցաւ Արդարութեան Նախարարութեան ներկայացուցած անհիմն ու հակասական պատճառները եւ վերահաստատուեցաւ Սիսի Կաթողիկոսարանը իր իրաւատիրոջ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վերադարձնելու պահանջքը։

Այժմ կ’ակնկալուի, որ Արդարութեան Նախարարութեան մերժողագրին եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ անոր տրուած պատասխանին հիման վրայ Սահմանադրական Դատարանը իր վճիռը արձակէ։

Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յիշեալ դատը կը հետապնդէ իրաւական յանձնախումբ մը՝ բաղկացած թրքական դատական օրէնքի եւ ընդհանրապէս միջազգային ու յատկապէս Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանի դատական ու դատավարական օրէնքներու մասնագէտ անձերէ։

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2016
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս   Հուլ »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930