Այսօր առաւօտեան Հալէպի մէջ դաւադիր հրասանդի մը պայթիւնին հետեւանքով նահատակուեցաւ պատասխանատու նուիրեալ ընկեր Ռաֆֆի Պչաքճեան։ Այս մասին “Եռագոյն”-ին կը յայտնէ “Գանձասար”-ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանը։
Յիշեցնենք, որ վերջին շաբաթը հայաշատ Նոր գիւղ, Սուլէյմանիէ եւ Ազիզիէ թաղամասերը զինեալ ահաբեկիչներու կողմէ կը հրթիռակոծուին, որուն հետեւանքով զոհուած էին Վազգէն Ճապաղջուրեանը, Լեւոն Քէլխաչերեանը, Յովսէփ Ջանեցեանը, Խաչիկ Ապուլապութեանը։ Աւելի ուշ զոհուեցաւ նաեւ Պէթի Ներսէսեանը։
Մարդկային կորուստներուն կողքին արձանագրուեցան նիւթական մեծ վնասներ, քանդուեցան բնակարաններ։