Հայաստանն ու Ռուսիան ռազմավարական դաշնակիցներ են: Այդպէս կ՛ըսեն, այդպէս կը յայտարարուի, բայց այն պահուն, երբ ռազմավարական ընկերութիւնը պէտք է դրսեւորուի գործնական քայլերով, յայտնի կը դառնայ, որ այնքա՛ն ալ վստահելի դաշնակից չունի Հայաստանը:
Հայաստանը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ռազմավարական դաշնակիցներ չեն, բայց բարեկամ երկիրներ են: Նոյնը հաւանաբար կարելի է ըսել Ատրպէյճանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մասին. բարեկա՛մ պետութիւններ։
Այսուհանդերձ, որոշ տնտեսական ու քաղաքական հաշուարկներ, հաւանաբար, Ատրպէյճանի հետ Ամերիկայի ունեցած յարաբերութիւններուն աւելի՛ կշիռ կու տան, քան՝ Հայաստանի հետ ունեցածին: Այս անհաւասարութիւնը կարելի պէտք էր ըլլար ձեւով մը հակակշռել՝ ամերիկահայութեան քաղաքական ճնշումներուն կամ ազդեցութեան շնորհիւ:
Դժբախտաբար, այդ անհաւասարութիւնը ի զօրու կը մնայ: Ցաւալին այն է, որ անիկա այդպէս կը մնայ՝ մեզի համար այս հանգրուանին չափազանց զգայուն եւ զգացական ոլորտի մը՝ ռազմական օժանդակութեանց պարագային:
Կարդացեք նաև
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզի» այսօրվա համարում