Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան կը գրէ.
Միայն գաղափարով մը ոգեւորուիլ չի բաւեր, այլ լրջօրէն պէտք է ուսումնասիրել այն պայմանները, որոնցմով հնարաւոր կը դառնայ այդ գաղափարին իրագործումը:
Մկրտիչ Աւետիսեան
Մեր թուականէն 120 տարիներ առաջ Յունիսեան այս օրերուն, տեղի ունեցած է Վանի Առաջին Ինքնապաշտպանութիւնը:
Կարդացեք նաև
Հայ ժողովուրդի միակամ պայքարի պայծառագոյն օրինակներէն, որու ընթացքին Դաշնակցականը, Հնչակեանն ու Արմենականը թուրքին դէմ կռուած են ծունկ ծունկի, քանի մը օրեր ետք թրքական անբարոյ խոստումնադրուժութեան զոհը երթալով դարձեալ կողք կողքի:
Այս սիւնակով Վանի Ինքնապաշտպանութեան պատմութիւնը չէ, որ կ՛ուզեմ գրել: Այս մասին շատ մելան հոսած է, մինչ արհեստագիտութեան այս դարուս կոճակ մը կոխելով կարելի է այցելել Հայոց պատմութեան վերաբերող կայքեր՝ կարդալու մեր նախընտրած նիւթը:
Այս սիւնակով կ՛ուզեմ սակայն առանձնացնել ու այսօր յիշատակել Արմենական Կուսակցութեան հիմնադիր Մկրտիչ Աւետիսեանը (Թէրլէմէզեան), որուն վերի խորիմաստ խօսքը շատ բան կ՛ըսէ մեծանուն յեղափոխականին կեանքի փիլիսոփայութեան մասին, որ հեռու էր ռոմանթիզմէ՝ ըլլալով աւելի քան իրապաշտ ու գործնական…:
Երէկ գիշեր այս պատմական դէպքին առիթով հանդիպում մը ունեցանք մեր կեդրոնէն ներս, Աւետիսեանի զինակից այլ մեծանուն Արմենականի մը՝ Անուշաւան Տէր Մկրտիչեանի թոռան՝ Դոկտ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանին հետ:
Ձեռնարկը «Զարթօնք»ինը ըլլալով պէտք էր բարի գալուստ մաղթել ներկաներուն ըստ ընկալեալ սովորութեան…: Նախաբանիս մէջ չկրցայ ըստ սովորականին անուններով ողջունել ներկայ գտնուող պատասխանատու ընկերները, որովհետեւ անդրադարձայ, թէ երբ հաւաքուած ենք յիշատակելու նման անձնուրաց մեծութիւններ, անոնց առջեւ կ՛իյնան ու կը խոնարհին ամէն հանգամանքներ: Երբ եղած են հայ մարդիկ, որոնք բնութեան իրենց պարգեւած ամենասուղ բանը՝ կեանքը նուիրաբերած են յանուն մեծ գաղափարի մը՝ Հայրենիքի ազատութեան, մեր վերցուցած ազգային պատասխանատուութիւնները, զոհողութիւններն ու նուիրաբերած ժամանակը անոնց ըրածին դիմաց որքա՜ն ճղճիմ երեւցան աչքիս…:
Բիւր յարգանք Մկրտիչ Աւետիսեանին ու իր ընկերներուն յիշատակին:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ