Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը կ’ողջունէ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը ճանչնալու բանաձեւը:
101 Տարի առաջ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած արհաւիրքը ցարդ կը մնայ անպատիժ: Գերմանիոյ խորհրդարանի անդամներուն ներկայացուցած թէզերը եւ դատապարտումը հայութեան դէմ գործուած ցեղասպանութեան լաւագոյն ապացոյցն են, այն վառ գիտակցութեան, որուն հիմքով 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը ճանչցուեցաւ Գերմանիոյ մէջ:
Հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Ցեղասպանութեան փաստին ընդունումը տասնեակ երկիրներու խորհրդարաններու կողմէ այսօր Պէրլինի Պունտեսթակի կամարներուն տակ նոր վաւերականութիւն կը ստանայ:
Ու հակառակ Անգարայի իրականացուցած ճնշումներուն Գերմանիոյ խորհրդարանականները քաջութեամբ դիմակայեցին եւ յանուն արդարութեան ճանչցան անուրանալի փաստը:
Կարդացեք նաև
Պատմութեան ճիշդ գնահատականը կատարելու իր ճիգին մէջ Գերմանիոյ խորհրդարանը նաեւ լաւ պէտք է քննէ 1914-էն մինչեւ 1918 երկարած եւ հայ ժողովուրդի համար խիստ ճակատագրական համարուող ժամանակահատուածը: Ու այդ շրջանին էր նաեւ, որ Կայսերական Գերմանիան Օսմանեան Կայսրութեան հետ իր կնքած դաշինքի հանգամանքներէն ելլելով անտարբեր եւ գրեթէ կոյր ձեւացաւ մեր ժողովուրդին դէմ գործուած ամէնէն դաժան բարբարոսութիւններուն դիմաց:
Լիայոյս ենք, որ նման մօտեցումներ յաւելեալ խթան կը հանդիսանան, որպէսզի ճանաչման հիմքով ամրագրուած համամարդկային մեր ցաւը մուտք գործէ հատուցման փուլ:
Կը հաւատանք, որ միայն հատուցման ճանապարհով է, որ տառապանքներու մէջէն անցած մեր ժողովուրդը իր արդար պահանջներուն պիտի հասնի:
Այդ ճիգերուն մէջ կարեւոր ու նկատելի տեղ կը գրաւէ Գերմանիոյ խորհրդարանին այս արդար մօտեցումը, որուն համար մենք երախտապարտ ենք:
Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութիւն