Վերջին ժամերուն Նոր Գիւղի մէջ աւելի քան 30 հրթիռներ ինկած են։ «Զուարթնոց» եկեղեցւոյ թաղամասին մէջ ինկած հրթիռի մը հետեւանքով հրոյ ճարակ դարձած է հայ արհեստաւորի մը խանութը, զոհուած են 3 հայորդիներ, որոնց ածխացած դիակները փոխադրուեցան հիւանդանոց։ Վայրկեաններ անց մահացաւ նաեւ Նոր Գիւղի մէջ վիրաւորուած այլ հայորդի մը։ Շտապ օգնութեան մեր աղբիւրներէն իմացանք, թէ զոհուած հայորդիներն են.
Վազգէն Ճապաղջուրեան
Լեւոն Քէլխաչերեան
Յովսէփ Ջանեցեան
Կարդացեք նաև
Խաչիկ Ապուլապութեան
Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնէ Գանձասարի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան։
Յատկապէս այս օրերին, օգտակար կը լինէր յայտնելը թէ Նոր Գիւղը կը գտնուի Սուրիա: Հալէպ քաղաքի մի հայահոծ թաղամասն է: