Եռագոյն. Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի գլխաւոր փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան թանկարժէք բնակարան մը գնած է Սթամպուլի Շիշլի թաղամասի Քուրթուլուշ կեդրոնական պողոտային վրայ: Ըստ հայկական «Ակօս»-ի`գնուած անշարժ գոյքին արժէքը կը գնահատուի մօտ 1.300.000-1.500.000 թրքական լիրա (441.000-508.900 տոլար): Կը նշուի, որ 2 տարի առաջ ալ արքեպիսկոպոս Աթէշեան տուն մը գնած է Պոտրում հանգստավայր քաղաքին մէջ:
Հաշուի առնելով համայնքէն ստացուող բազմաթիւ դիմումներու առկայութիւն` «Ակօս»-ը պարզաբանումներ ստանալու նպատակով դիմած է Արամ Աթէշեանին: Բարձրաստիճան հոգեւորականը պատասխանած է, որ տունը գնած է 40 տարի հաւաքած իր գումարով:
«Նախ կ՛ուզեմ յիշեցնել, որ կրօնի տեսանկիւնէ մեղք է այն, որ համայնքին մէջ, որուն ես 40 տարիէ կը ծառայեմ, գնածս տան թեմայով բամբասանքներ տարածուին, կեղծ օրակարգ կը հիմնեն ու ցեխ կը շպրտեն մարդու վրայ: Բացի այդ, եթէ նային մեր հանգուցեալ հոգեւորականներուն թողած ունեցուածքներուն, կը հասկնան որ ամէն ինչ բնական է»,- ըսած է Աթէշեան: