Յաճախ կը խօսուի այն մասին, որ մենաշնորհային համակարգը շարունակութիւնն է խորհրդային տնտեսութեան։ Իրականութեան մէջ, ան աղաւաղումն է նախկին խորհրդային համակարգին, քանի որ ներկայ հանրապետութեան օրով հաստատուած մենաշնորհներուն դիմաց այլեւս ոչինչ կը ստանայ քաղաքացին։ Կը ստանայ գաղթելու իրաւունքը։
Խորհրդային տնտեսակարգը թօթափելով՝ մեր երկիրը անցում չկատարեց դէպի ազատ ձեռնարկատիրական տնտեսութիւն։ Ան ենթարկուեցաւ թալանի եւ փոշիացման։ Անոր արտադրողական դաշտը իւրացուեցաւ բուռ մը բախտախնդիրներու կողմէ, որոնք շարունակաբար ամրապնդեցին մենաշնորհային ներկայ համակարգը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ շահագործումի հսկայ մեքենայ մը, որուն զոհն է քաղաքացին։ Եւ դեռ աւելի վա՛տը. անոր զոհն է յատկապէս այն քաղաքացին, որ դեռ չէ ծնած եւ որ ծնելէ ետք ճակատագրուած է զինակոչուելու եւ հայրենիքը պաշտպանելու բոլոր արտաքին սպառնալիքներուն դէմ։
Յստակ չէ՞, թէ ինչպիսի դաժան անհեթեթութեան մը դէմ յանդիման կը գտնուի հայ մարդը իր իսկ անկախ երկրին մէջ։
Ես յոյս ունիմ, որ երկրին ներքին կեանքը հիմնովին յեղափոխելու ձգտող այս պատմական գործին հետապնդումը տեղի ունենայ աննախընթաց խստապահանջութեամբ։ Ներկայ կառավարութեան կազմը համալրուած է երեք դաշնակցական նախարարներով, որոնք յեղաշրջման գործին կը բերեն նոր աւիւն եւ նոր իմաստութիւն։ Յատկապէս ազգային դնտեսութեան (Էկոնոմիկայի) նախարա՛րը՝ որ ուղղակիօրէն առընչուած է մենաշնորհային համակարգի յեղաշրջման հարցերուն։ Հայաստանը պէտք ունի արմատական լուծումներու։
Կարդացեք նաև
Անշուշտ միշտ կարելի է քանի մը «անբախտ»ներ թիրախաւորել հաշիւներ մաքրելու մտայնութեամբ եւ ցուցական քայլերով փորձել բաւարարել հանրութիւնը։ Հանրութիւնը այդպիսի քայլերով չի կրնար բաւարարուիլ։ Այդպիսի կիսամիջոցներով կարելի չէ վարակը կասեցնել։ ՊԷտք է հաստատել անկեղծ չափորոշիչներ խիստ բայց ողջամիտ ժամկէտներով եւ իջնել խորքը այս հարցին։ Եւ անպայման՝ հանրային թափանցիկ հաշուետուութեա՛մբ։
Յեղափոխելու գործը վհուկներ հետապնդելու քաղաքական զբաղմունքին հետ պէտք չէ շփոթել։ Մեր նպատակը պիտի ըլլայ քանդել մենաշնորհները տնտեսութեան ինքնազարգացման կարողականութիւննե՛րը վերականգնելու յստակ առաջադրութեամբ։ Բանալ նոր ներդրումներու դաշտը ծնունդ տալով նոր եւ որակաւոր աշխատատեղերու։ Մաքրել դատա-իրաւական համակարգը չարաշահող ցեցերէն։ Խիզախ քաղաքականութեամբ վերակազմակերպել ազգային եկամուտի տարերային վերաբաշխումը եւ ամէն քայլափոխին բարոյապէս լիազօրել քաղաքացին։
Գօտիները սեղմել, այո՛։ Գօտիները սեղմել նախ եւ առաջ մենաշնորհներու մէջքի՛ն։ Մեր տնտեսութիւնը առեւանգած մարդո՛ց մէջքին։ Մեր տնտեսութեան սեւեռակէտն ու գոյութեան միակ վստահելի կռուանը մեր երկրի քաղաքացին է իր ներկայ եւ ապագայ բոլոր սերունդներով։
Կարօ Արմենեան
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթում