Հալէպի մէջ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը շարունակեն հրթիռակոծել Նոր Գիւղի խաղաղ բնակչութիւնը։ Նոր Գիւղը քար ու քանդ ընելու, խաղաղ բնակչութիւնը սպաննելու ահաբեկչական խմբաւորումներուն բարբարոսութիւնները կը շարունակուին՝ ի լուր աշխարհին։
8 հրթիռներ ինկած են Նոր Գիւղի վրայ, որուն հետեւանքով փուլ եկած է շէնք մը։ Բնակարաններու նիւթական ահաւոր վնասներուն կողքին, արձանագրուած է 4 զոհ եւ տասնեակ վիրաւորներ, կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։
Նշենք, որ վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ շարունակաբար կը հրթիռակոծեն Նոր Գիւղի խաղաղ բնակչութիւնը՝ առանց խնայելու նոյնիսկ տարեցներն ու երեխաները։
Ուրբաթ, 27 Մայիս 2016-ի առաւօտեան, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծեցին Նոր Գիւղը, յատկապէս «Վերժին Կիւլպէնկեան» մայրանոցի շէնքը՝ այժմու Հայ Ծերանոցը, որուն հետեւանքով զոհուեցաւ Ծերանոցի ծառայողական պաշտօնեաներէն մին եւ վիրաւորուեցան երկու հայորդիներ: Կառոյցը լուրջ վնասներ կրեց վերջին օրերու հրթիռակոծումներուն հետեւանքով։
Կարդացեք նաև
Շաբաթ 28 Մայիս 2016-ին, առաւօտեան ժամը՝ 11:30-ին, Վեր. Համայնքապետ Յարութիւն Սելիմեան, ընկերակցութեամբ՝ Հայ Աւետարանական Աւագանիին, ինչպէս նաեւ Հայ Ծերանոցի Տնօրէն Աւետիս Գաթըրճեանի եւ Հայ Ծերանոցի Խնամալութեան Ատենապետուհի Աննա Տէր Յակոբեանի եւ խնամակալ Մարմինի այցելեցին հրթիռակոծուած «Վերժին Կիւլպէնկեան» Մայրանոց եւ ապա Հայ Ծերանոցի մամիկներուն ու պապիկներուն, որոնք տեղափոխուած են Հայ Առաքելական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ ներքնասրահը:
Նոր Գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած կիրակնօրեայ Ս. եւ Անմահ պատարագին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը քահանայ հայրերուն, դպրաց դասին, թաղականութեան, Հայ Ծերանոցի խնամակալութեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդին ուղեկցութեամբ իջաւ եկեղեցւոյ ներքնասրահ, օրհնեց առժամաբար այնտեղ տեղաւորուած Հայ Ծերանոցի մամիկներն ու պապիկները եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած անոնց առողջութեան եւ ապահովութեան համար։