Կառավարութեան գլուխ կանգնողները յայտնապէս անհանգիստ են: Ժողովրդային ճնշումը զգալու նշաններ ցոյց կու տան անոնք եւ, գոնէ երեւութապէս, քայլեր կ՛առնեն բարեփոխութեանց պատրանք ստեղծելու եւ լարուածութիւնը մեղմելու նպատակով:
Ծառայողական մեքենաներու թիւի կրճատումը, պետական գնումներու գործընթացը աւելի՛ թափանցիկ դարձնելու խոստումները, նախարարութիւններու պիւտճէները խնայողաբար ու առաւել արդիւնաւէտութեամբ օգտագործելու յորդորները, մենաշնորհեալներու արտօնութիւններուն դէմ նպատակադրուած միջոցառումները (այս պարագային՝ Դաշնակցական նախարարին նախաձեռնող դերակատարութիւնը պէտք է առանձնացնել՝ յետ քառօրեայ պատերազմի մթնոլորտին պատճառաւ հասարակական ճնշումի գործօնէն), պաշտօնանկութիւնները (որոնք տակաւին պէտք է դատական հետապնդման շարունակութիւն ունենան), մականունաւոր նախարարի թիկնապահներու յանցագործութիւնները չանտեսելու ու զանոնք քրէական պատասխանատուութեան կանչելու զարմանահրաշ քայլը… այս բոլորը կրնան իշխանաւորներու «ժամանակ շահելու» զինանոցին մաս կազմել, եթէ հայրենի ժողովուրդը վերադառնայ իր նախկին յուսահատ անտարբերութեան հոգեվիճակին:
Յստակ է, որ Հայոց բանակի հերոս զինուորներուն զոհաբերութիւնը միայն սահմանի ապահովութեան երաշխիքը պէտք չէ դառնայ, այլեւ պէտք է ամրագրէ նոյն այդ հերոսներուն ու իրենց զինակիցներուն ծնունդ տուող ընտանիքներուն, այսինքն՝ Հայաստանի բոլո՛ր քաղաքացիներուն արժանապատիւ կեանքի պայմաններ ստեղծելու պետական յանձնառութիւնը։
Ուրեմն, լայն հասարակութիւնը պէտք է արթուն հսկէ պետական բոլոր օղակներուն վրայ եւ անոնցմէ պահանջէ ամբողջական թափանցիկութիւն, բոլո՛ր չարաշահումներու վերացում: Մեր ժողովուրդի զաւակներուն արդար քրտինքի արդիւնքը պէտք է ծառայէ միայն ու միայն Հայոց Բանակի հզօրացման ու արդար հասարակարգ ստեղծելու ծրագիրներուն, այլ ոչ թէ սակաւաթիւ մենաշնորհեալներու յղփանքը մատակարարելու:
Կարդացեք նաև
Աբո ՊՈՂԻԿՅԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում
Մի քանի տեղ, այդ թվում ձեր թերթում կարդացել եմ՝ ՀՅԴ-ն լավագույնս կարողանում է համ հաճույք ստանալ, կամ կույս մնալ: Հիմա Աբո Պողիկյանն առաջարկում է վերադառնալ ՀՅԴ սիրած զբաղմունքին՝ համ հաճույք ստանալ, կամ կույս մնալ: