Հինգշաբթի, 25 Մայիսի ուշ գիշերին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ Պէնի Զէտ շրջանէն հրթիռակոծեցին Հալէպի Սալահ ատտին, Խէլտիէ եւ Նոր Գիւղի Հայ Ծերանոցին (Վերժին Կիւլպէնկեան մայրանոց) շրջակայքը, ուր հրկիզուեցաւ Ծերանոցին դիմացը գտնուող բնակարան մը եւ փուլ եկաւ յարկաբաժին մը։ Մասամբ վնասուեցաւ նաեւ Ծերանոցի տնօրէնին սենեակն ու խոհանոցը, կը հաղորդէ “Գանձասար”-ը։
Վերոնշեալ շրջաններուն մէջ արձանագրուեցան վիրաւորներ, իսկ Սալահ ատտին շրջանին մէջ՝ զոհ մը։
Հայ Ծերանոցի մամիկներն ու պապիկները չեն վնասուած։