Լրահոս
ՄԻՊ-ն էլ տեղյա՞կ չէ
Օրվա լրահոսը

Առժամաբար լռութիւն պահեցին օրուան մեր իշխանութիւններու ապիկարութեանց մասին. «Ասպարեզ»

Մայիս 26,2016 08:06

Երբ պատերազմի մէջ ես, աւելի ճիշդ՝ երբ թշնամին յարձակած է վրադ եւ կը սպառնայ հայրենի հողիդ, սերունդներու քրտինքով ձեռքբերած տանդ ու ինչքիդ, այլեւ ու մանաւանդ՝ ընտանիքիդ եւ ուղղակի կեանքիդ, աւելի քան հասկնալի է, որ ներքին տարակարծութիւններն ու վէճերը մէկ կողմ դնես եւ միասնականօրէն, մէկ բռունցք դարձած՝ դիմագրաւես թշնամին։

Բնութեան օրէնքն է, եւ ամէնուր մարդիկ կը մտածեն ու կը գործեն միեւնոյն հրամայականին անսալով՝ նախ թշնամին ետ շպրտելու, արտաքին վտանգը յաղթահարելու եւ, յետոյ միայն, ներքին ցեցերու հետ հաշուեյարդարի նստելու օրէնքին հետեւելով…

Այդպէս ալ եղաւ մեր ազգային իրականութեան մէջ, երբ Ապրիլի առաջին օրերուն յանկարծ ատրպէյճանական թուրք թշնամին, իր հակահայ ամբողջ մոլուցքով, անակնկալ ու լայնածաւալ պատերազմի ձեռնարկեց հայոց արծուեբոյն Արցախի դէմ՝ աւելի քան քսանամեայ զինադուլը միակողմանիօրէն խզող յարձակումով։

Այսպէս կոչուած քառօրեայ պատերազմի այդ դժնդակ օրերուն, հայ քաղաքական միտքը ամբողջական կրակմար հաստատեց ինքնաբուխ կերպով։ Մամուլն ու զանգուածային լրատուութեան միջոցները, առանց խտրութեան, կամովին ինքնագրաքննութեան կարգով գործեցին.- լուսարձակի տակ առին նախայարձակ թշնամիին հակահայ յանցագործութիւնը եւ աշխարհով մէկ բողոքի ձայն բարձրացուցին անոր բարբարոսական ոճիրներուն դէմ. առժամաբար լռութիւն պահեցին օրուան մեր իշխանութիւններու ապիկարութեանց մասին եւ, փոխարէնը, փութացին լծուելու անփոխարինելի հայրենին պաշտպանող հայ զինուորին զօրավիգ կանգնելու զօրաշարժին։

Ծանօթ ու ցաւալի պատմութիւն է այսօր գայթակղեցուցիչ այն թղթածրարը, որ օրին՝ մեր պետական իշխանութեանց եւ նոյնինքն բանակի ղեկավարութեան մակարդակին վրայ, պարզուեցաւ քառօրեայ պատերազմին առիթով՝ թէ՛ ռազմականօրէն յանկարծակիի գալու, թէ՛ զինուորապէս անպատրաստ գտնուելու եւ թէ դիւանագիտականօրէն ամլութեան մատնուելու առումներով։

Բայց, ինչպէս Հայաստանի մէջ կ՛ըսեն՝ մեր «զինուոր տղերքը» երես ճերմկցուցին իրենց առասպելատիպ հերոսականութեամբ. ոչ միայն կասեցուցին թշնամին, այլեւ ետ շպրտեցին ատրպէյճանական զօրքը՝ վերատիրանալով մեզմէ խլուած հողերուն մեծ մասին։

Այդպէ՛ս, օրին գրեթէ բոլորս լուռ մնացինք մեր ներքին ցեցերուն գործած աւերին մասին։ Ընդհակառակն՝ խանդավառութեամբ դրուատեցինք Արցախի զօրակցութեան փութացող կամաւորականները, ազգի հոգեւոր պետերը, հայրենիքի պետական այրերը՝ մեր ակռաներուն տակ սեղմելով մեր լեզուները, որպէսզի օրհասական կռիւի պահուն հաւաքական մեր ուժն ու կամքը ջլատող ձայներ լսելի չդառնան ու չխանգարեն ճակատի վրայ կեանքի գնով ազգի ու հայրենիքի ինքնապաշտպանութեան ծանր կռիւը մղող մեր հերոսներուն վճռականութիւնը։

Ճի՞շդ ըրինք օրին ինքնակամ լռելով։

Անշո՛ւշտ ճիշդ ըրինք եւ դարձեալ նոյնը պիտի ընենք, եթէ հայրենականին վերստին սպառնայ արտաքին օրհասը…

Բայց հիմա՝ ի՞նչ։

Հիմի է՞լ լռենք…

Քանի մը օր առաջ հայրենի իշխանութիւնները հրապարակաւ կոչ ուղղեցին Արցախ փութացած մեր կամաւորականներուն, որ այլեւս քաղաքականապէս վերահսկելի է ռազմաճակատը եւ յանձնարարելի է, որ կամաւորները վերադառնան իրենց գործերուն, որպէսզի իշխանութիւններն ալ իրենց գործը ընեն։ Յար ու նման 24 տարի առաջ մեր անդրանիկ նախագահին կողմէ արձակուած նոյնիմաստ յորդորին, որ ուղղուած էր Արցախեան Ազաատամարտին պաշտպան կանգնելու պահանջով օրուան իշխանութեանց դէմ բողոքի համար հրապարակ իջած ցուցարար մեր ժողովուրդին։

Պէտք չէ զարմանալ. չէ՞ որ իշխանութիւնը կը փճացնէ, իսկ բացարձակ իշխանութիւնը ուղղակի կը ջլատէ…

Ժամանակը միշտ ալ յղի եղած է քաղաքական անակնկալներով եւ Աստուած եթէ կեանք տայ՝ կ՛ապրինք ու կը տեսնենք վերջին երգը քաղաքական խաթարուածութեան այսօրեայ համանուագին։

Մինչ այդ՝ այլեւս ոչ ոք իրաւունք ունի լռելու։

Հայաստանի իշխանաւոր ուժերը կամ այսպէս կոչուած ներքաղաքական ղեկավարութեան «մայր հոսանքը» կազմող ուժերը թերեւս կրնան ըստ կամս տնօրինել գլխաւոր մամուլն ու զանգուածային լրատուամիջոցները։

Բայց համացանցի ազատութեան այս դարուն, ոչ մէկ ուժ այլեւս կրնայ լռութեան մատնել ընդդիմադիր ձայները, եթէ իշխանութեանց առանձնաշնորհումին դէմ պայքարողները ինքնազսպումի կամ ինքնագրաքննութեան պատճառ չունին։

Մեր ժողովուրդը, ընդհակառա՛կն, ամէն պատճառ եւ իրաւունք ունի պահանջելու իր իշխանութիւններէն, որ հաշիւ տան հայրենի հողին, սահմանապահ հայուն եւ մանաւանդ քաջարի հայ զինուորին այսպէս անակնկալի մատնելու՝ թշնամիի բարբարոսութեան կեր դարձնելով մեր թանկագինն ու անփոխարինելին…

Պարզ ու մեկին. Հայաստանի նախագահը իրարու ետեւէ պաշտօնէ կ՛արձակէ հայոց բանակի առաջին կարգի պատասխանատուներ, որոնց ո՛չ յանցանքին համար հաշիւ կու տայ մեր ժողովուրդին, ոչ ալ անոնց յանցանքներուն համար դատ ու դատաստան կը տեսնէ օրինական կարգով։ Չէ՞ որ Հայաստանի Զինուած Ուժերուն գլխաւոր հրամանատարն է նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ այսքան ժամանակ ինք է կատարած, սահմանադրականօրէն եւ իրողապէս, վերահսկողութիւնը անոնց գործունէութեան ու վարքուբարքին…

Հաշիւ տալ չկա՞յ իրաւական եւ սոցիալական մեր պետութեան մէջ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

«Ասպարեզ» օրաթերթ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2016
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031