Երեքշաբթի, Մայիս 24-ին ՍԴՀԿ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին նաեւ ՚Կայծՙ երիտասարդական միութեան անդամները, այցելեց Լոս Անճելըսի մէջ Գերմանիոյ հիւպատոսարանը եւ յուշագիր յանձնեց` ուղղուած Գերմանիոյ Վարչապետ Անճելա Մերքըլին:
Յունիս 2-ին նախատեսուած է Գերմանիոյ Խորհրդարանէն ներս Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի քննարկումը: Այս առթիւ գերմանական մամուլը կը տեղեկացնէ որ, Բանաձեւի վաւերացումը անխուսափելի է, քանի որ խորհրդարանական բոլոր խմբակցութիւնները համաձայնութեան եկած են այս հարցի շուրջ:
Նկատի առնելով, որ Գերմանիա-Թուրքիա յարաբերութիւնը կը գտնուին բաւական բարդ իրավիճակներու առջեւ եւ վերջին պահուն Անճելա Մերքըլի կառավարութիւնը կրնայ արգելք հանդիսանալ բանաձեւի վաւերացումին, Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը դիմելով Վարչապետուհիին կոչ կ’ընէ չենթարկուելու թրքական ճնշումներուն եւ ընթացք տալու, որպէսզի Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը հաստատուի նաեւ Գերմանիոյ կողմէ:
Նման յուշագիր մը յանձնուեցաւ նաեւ Գերմանիոյ դեսպանատունը Փարիզի մէջ, Հայ Եւրոպական Խորհուրդի կողմէ: