«Գանձասար». Գամիշլիի թղթակից Մարի Մելքոն-Պետրոսեան տեղեկացուց, թէ Շաբաթ երեկոյեան ժամը 10:30-ին 4 զինեալ ականաւորուած ահաբեկիչներ յարձակած են Գամիշլիի Մայամի թաղամասին վրայ, որ ամիսներ առաջ դարձեալ ահաբեկչական յարձակման ենթարկուած էր, զինեալները տեղւոյն բնակչութեան վրայ կրակ բանալէ ետք, իրենց կրած ականաւորուած գօտիները պայթեցնելով անձնասպան եղած են՝ պատճառ դառնալով մարդկային զոհերու եւ վիրաւորներու։
Վերջին տուեալներով, նիւթական վնասներուն կողքին արձանագրուած են երեք զոհեր, տասնեակ վիրաւորներ։ Վիրաւորներուն մէջ կայ մէկ հայ՝ խաչիկ կարապետ, որ Ռաքքայէն Գամիշլի հաստատուած էր։