Yerakouyn.com. Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Վարժարանի նախակրթարանի եւ երկրորդականի աշակերտները կը շարունակեն նամակներ գրել հայրենիքի պաշտպան հայ զինուորներուն։
Սիրելի զինուոր,
Թէեւ ծանօթ չենք, սակայն այն փաստը, որ այժմ կեանքդ վտանգի ենթարկելով կը պաշտպանես հայրենիքդ, զիս կը մղէ այս նամակը գրելու, որպէսզի արտայայտեմ հիացմունքի եւ հպարտութեան զգացումներս:
Հաւանաբար տարիքային շատ մեծ տարբերութիւն մը չկայ մեր միջեւ, այդ իսկ պատճառով կը զմայլիմ ցուցաբերած քաջութեանդ:
Կարդացեք նաև
Անձնապէս, կը գտնուիմ հայրենիքիս սահմաններէն դուրս, բայց ունեցած եմ առիթը այցելելու ու սքանչանալու անոր գեղեցկութեամբ եւ հիմա կարօտի զգացումը կը փոթորկէ հոգիս: Եթէ այդքան կարճ ժամանակահատուածի մը մէջ այդ փոքրիկ հողակտորը, իր կախարդող շքեղութեամբ գրաւեց սրտիս ամենաջերմ անկիւնը, ապա չեմ կրնար երեւակայել այն պատկանելութեան զգացումը, որ քեզ կը մղէ այդ զոհողութեան դիմելու:
Ձեր աննկուն կամքը, ոգեշնչման մեծ աղբիւր է, եւ իւրաքանչիւրիդ խիզախութիւնը կը ծառայէ որպէս լաւագոյն օրինակ՝ նոր սերունդին:
Չեմ կրնար արտայայտել բերկրանքի ու երախտագիտութեան զգացումներս, որ հայ ժողովուրդը ունի ձեզի պէս արժանավայել զաւակներ, եւ այժմ աւելի քան երբեք վստահ եմ , որ թշնամին անկարող է բուռ մը հող իսկ գրաւել, որովհետեւ չ’ունի ձեր հերոսական ոգին եւ ինչպէս ըսած է Սօս Սարգսեան, իրենց համար Ղարաբաղը տարածք է, մեզի համար՝ Սուրբ Հայրենիք…
Արիանէ Թասլաքեան
Ժ. կարգ
Ս. Յակոբ Ազգային վարժարան
Մոնթրէալ
Թասլաքեան…
ապրի՛ս, Մուսատաղցի աղջիկս