«Բերիո լուր»-ն իր ֆեսյբուքյան էջում հայտնում է
16 մայիս 2016-ի յետմիջօրէի Հալէպ քաղաքի զանազան շրջաններ զինեալ խմբաւորումներու կողմէ հրթիռակոծման թիրախ դարձան, որոնց կարգին հայաբնակ Վիլլաներ եւ Սիւլէյմանիէ թաղամասերը:
Արդարեւ, Վիլլաներ փողոցի «Մազլումեան» հիւանդանոցին մօտ, արձակուած հրթիռին պայթումին պատճառով արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ, զոհուողներու կարգին էր արաբ հղի մայր մը եւ անոր մանչ ու աղջիկ զաւակները:
Սիւլէյմանիէ «Հաժ Հապիպ» փողոցի հանդիպակաց թաղը երկու հրթիռ ինկաւ մէկը պայթեցաւ, իսկ միւսը՝ ոչ: Այլ հրթիռ մը «Թեթթէն» վառելանիւթի կայանին թիմաց, բարեբախտաբար չպայթեցաւ: Ուրիշ մը՝ ԱՄԺՏան դիմացը դաշտին մէջ, բարեբախտաբար ան ալ չպայթեցաւ:
Կարդացեք նաև
Վերոնշեալ հրթիռակոծումներու իբրեւ արդիւնք վիրաւորւողները անմիջապէս տարուեցան հիւանդանոց եւ համապատասխան դարմանումներ կատարուեցան անոնց:
Միւս կողմէ, հրթիռակոծումներու պայթիւնները ծանր վնասներ պատճառեցին շրջանի ինքնաշարժներուն, բնակարաններուն, խանութներուն:
Պէտք է ըսել, որ պատերազմական վիճակը իր ամբողջ սաստկութեամբ կը շարունակուի Հալէպի մէջ՝ պայթիւնները, աւերածութիւնները, տակաւին կը շարունակուին աննկարագրելի ձեւով: