Անցեալ Շաբաթ օր, Հայաստան Հիմնադրամը Լոս Անճելըսի մէջ կազմակերպած էր հեռատեսիլային վեցժամեայ հանգանակային արշաւ մը, որուն աւարտին յայտարարուած արդիւնքը՝ 1,102,357 տոլար (300,000ը Ֆրանսայէն հաւաքուած, 100,000ը՝ Արեւելեան Ամերիկայէն, իսկ 100,000 նուիրուած էր յայտնի ազգային բարերար Վահէ Կարապետեանի կողմէ), քառօրեայ պատերազմէն ետք ստեղծուած մթնոլորտին եւ Արցախի ու Հայոց Բանակի անմիջական կարիքներուն մասին մեր իրազեկութեան պարտադրած լրջութեան չի համապատասխաներ:
Հիմնադրամի պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ համահայկական այս կարեւոր կառոյցին մէջ իրենց ներկայացուցիչը ունեցող իւրաքանչիւր միութիւն, պարտին իրենց գնահատականը տալ հանգանակային այս արշաւի կազմակերպման ամբողջ ընթացքին վերաբերեալ՝ թուականի ճշդումէն սկսեալ:
Ինչո՞ւ այսքան կարճ ժամկէտի մէջ պէտք էր կազմակերպուէր այս արշաւը: Հասկնալի է դրամական միջոցներու ապահովման հրատապութիւնը, սակայն նաեւ կշիռքի վրայ պէտք էր դրուէր համահայկական կառոյցին ձեռնարկած արշաւի յաջողութեան ապահովման համար նուազագոյն երաշխիքներ ստեղծելու կարեւորութիւնը:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Կարդացեք նաև
Նյութի մանրամասները կարդացեք Asbarez-ի կայքում