Asbarez.com. Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի յատկանշական ելոյթը անցեալ Հինգշաբթի օրուան նախարարաց խորհուրդի նիստին ընթացքին, կը թելադրէ, որ Հայաստանի իշխանական վերնախաւը վերջապէս անդրադարձած է, թէ իրեն անցեալի ու ներկայի վարքագիծի շարունակման պարագային՝ մեր պետութեան անվտանգութիւնը լո՛ւրջ սպառնալիքի առջեւ պիտի գտնէ ինքզինք:
Եւ ահա՛ գործադիր մարմինի ղեկավարը հանդէս կու գայ «ժամանակն է գօտիները ձգելու (արեւմտահայերէնով՝ սեղմելու)» յայտարարութեամբ, որ պէտք է նկատուի նոր գործելակերպի, նոր մօտեցումներու սկիզբի ազդարարութիւն, այսինքն՝ կաշառակերութեան, մենաշնորհներու, դիրքի չարաշահումներու հանդէպ հանդուրժողութիւնը նուազագոյնի իջեցնելու տրամադրութեան (վճռականութեան) արտայայտութիւն:
Հայրենի ժողովուրդի լայն զանգուածներուն մօտ՝ պետական պաշտօնատարներու հանդէպ քառորդդարեայ դառն փորձառութիւններուն շնորհիւ արմատաւորուած անվստահութիւնը եւ բացասական պատկերացումները փոխելու խնդիր ունի այսօր կառավարութիւնը, եթէ իսկապէ՛ս պիտի աշխատի նոր չափանիշներով, նոր սկզբունքներով:
Երկրին ճակատագիրով մտահոգ ղեկավարութեան համար, հայրենիքի ապահովութեան սիրոյն զոհաբերութիւն կատարելու ընտրանք մը կը ներկայանայ այժմ, իսկ աժանագին քարոզչութեան խնդիր հետապնդելը, հարստութիւն, պաշտօն ու դիրք փրկելու սեւեռումը՝ երկրորդակա՛ն կարգի վրայ պէտք է ըլլան: Երկրի ներքին մթնոլորտը, ի վերջոյ, տարբեր տեսակի լրջութիւն կը պարտադրէ բոլորին (բոլորիս). անիկա հերոսներու թարմ արիւնով սրբագործուած նո՛ր ոճ, նո՛ր վերաբերմունք, նո՛ր վարքագիծ կ՛ակնկալէ իւրաքանչիւրէն (իւրաքանչիւրէս):
Հրապարակումն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում:
Աբօ ՊՈՂԻԿԵԱՆ